image

Երեւանի մէջ կինն ինկած է բեռնատար գնացքի տակ

Երեւանի մէջ կինն ինկած է բեռնատար գնացքի տակ

Այսօր՝ հոկտեմբեր 26-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 09։50-ի սահմաններուն Երեւանի բնակիչ 58-ամեայ Մանուէլ Ն․-ն Բաբաջանեան փողոցի մէջ բեռնատար գնացքով վրաերթի ենթարկած է Երեւանի բնակիչ Արինեէ Դ․-ն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com–ը։

Վրաերթի ենթարկուածը ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Աստղիկ» հիւանդանոց, ուր մահացած է գիտակցութեան չգալով։

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Գնացքավարը ենթարկուած է սթափութեան փորձաքննութեան, եղած է սթափ։