image

Երեւանի մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» միութիւնը յաջակցութիւն Տաւուշի երթ կ՚իրականացնէ

Երեւանի մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» միութիւնը յաջակցութիւն Տաւուշի երթ կ՚իրականացնէ

Երեւանի մէջ այս պահուն ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը յաջակցութիւն Տաւուշի իրազեկման երթ կ՚իրականացնէ: Երթը մեկնարկած է Վիքթոր Համբարձումեանի արձանին յարող տարածքէն` ուսանողական այգիէն։

«Մենք դէմ ենք միակողմանի զիջումների, սահմանազատման ու սահմանագծման ապօրինի գործընթացին եւ մեր աջակցութիւնն ենք յայտնելու «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժմանը։ Մի եղէք անտարբեր, միացէք»,–բարձրախօսով յայտարարած է արշաւի մասնակիցներէն մէկը։

Երտասարդներն իրենց ձեռքը պաստառներ պահած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծաղրանկարներով։

«Ոտքի կանգնէք, քանի դեռ ուշ չէ», «Մեր կռիւը միայն Տաւուշում չէ», «Յաջորդը Գեղարքունիքը, Սիւնիքն է լինելու, համախմբուէք»,–վանկարկած են երիտասարդները։

Երթի մասնակիցները վստահ են, որ լռութիւնը հաւասարազօր է դաւաճանութեան։

Անոնցմէ փոքր խումբ մը մուտք գործած է Երեւանի պետական համալսարան՝ ուսանողերուն թռուցիկներ բաժնելու։