image

Երբ չեն տեսնուիր ելման միջոցները. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Երբ չեն տեսնուիր ելման միջոցները. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Տա­կաւին հա­զիւ թէ խո­րունկ շունչ մը պի­տի առ­նէինք այդ անի­մաստ վէ­ճի խա­ղաղե­լով, վրայ հա­սաւ Հաք­քա­րիի մէջ ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետի փո­խարէն նշա­նակո­ւած կու­սա­կալի մը պաշ­տօ­նակոչ­ման լու­րը։

Բա­զում փոր­ձե­րով յայտնի դար­ձաւ թէ այս կո­պիտ վար­քը ոչ մէկ ձե­ւով չի նպաս­տեր երկրէ ներս խա­ղաղու­թեան մթնո­լոր­տի մը զար­գացման։ Բայց ի՞նչ կա­րելի է ըսել, երբ ար­դէն նպա­տակը բո­լորո­վին տար­բեր է։ Երբ իշ­խա­նու­թիւնը խա­ղաղու­թեան ու ան­դորրի փո­խարէն յոյ­սեր կը սնու­ցէ երկրէ ներս բե­ւեռա­ցու­մը սրե­լով, ու­րեմն այդպի­սի հոգ մըն ալ չու­նի թէ ինչպէս կրնայ աւե­լի խա­ղաղ մի­ջավայր մը գո­յաց­նել երկրի մէջ։

 

Երբ այս շա­բթո­ւան յօ­դուա­ծը գրե­լու հա­մար ան­ցած եմ ստեղ­նա­շարի դի­մաց, միտ­քով կը տո­ղան­ցեմ նա­խորդ եօթը օրե­րու ան­ցուդարձնե­րը։ կ՚ափ­սո­սամ մտա­բերած­նե­րովս։

Կը յի­շեմ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տարո­ւած­նե­րը։ Դժբախտ երե­ւոյթներ, որոնց հա­մար անդրա­դար­ձած էի նա­խորդ շա­բաթ այս սիւ­նա­կին վրայ։ Յե­տոյ չեմ գի­տեր մտքի ինչպի­սի թռիչ­քով կը յի­շեմ երեք­շաբթի երե­կոյ «Հալք ԹՎ» հե­ռուստա­կայա­նէն հե­տեւած «Քայ­տա Կեչ­սին» այ­սինքն «Ար­ձա­նագ­րո­ւի» խո­րագ­րեալ հա­ղոր­դումը։ Երեք հե­տազօ­տող եւ պրպտող լրագ­րողներ այս հա­ղորդման իւ­րա­քան­չիւր հա­տուա­ծին կը ներ­կա­յաց­նեն սկան­տա­լային բնոյ­թով ան­հա­ւատա­լի զեղ­ծա­րարու­թիւններ, կամ կո­ղոպու­տի եղա­նակ­ներ։

Քա­ղաքա­կիրթ ցան­կա­ցած երկրի մէջ կը կար­ծո­ւի թէ այս հրա­պարա­կումնե­րէն ետք մեծ փո­թորիկ­ներ պի­տի ծա­գին։ Բայց չեն ծա­գիր «Մեղր բռնո­ղը մա­տը կը լի­զէ» ասա­ցուած­քը իւ­րա­ցու­ցած Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մէջ։ Կը ցու­ցադրո­ւի դա­տաւո­րի մը գրա­սենեակը, ուր պա­տին, յա­տուկ ցու­ցա­փեղ­կի մէջ ցու­ցադրո­ւած են 13 ատրճա­նակ­ներ եւ 5 ավ­տո­մատ հրա­ցան­ներ։

Դա­տաւո­րը կը պար­ծե­նայ այդ հա­ւաքա­ծոյով՝ յայտնե­լով թէ ատրճա­նակ­նե­րու հա­մար ու­նի ար­տօ­նագիր եւ հրա­ցան­ներն ալ որ­սորդա­կան են։

Նոյ­նիսկ նա­խակրթա­րանի աշա­կեր­տը դիւ­րաւ կրնայ զա­նազա­նել որ­սորդա­յին հրա­ցանը զի­նուո­րական բնոյ­թով ավ­տո­մատ զէն­քէն։ Բայց անոր հո­գը չէ։

Լրագ­րո­ղը հարց կու տայ թէ ինչպէ՞ս տի­րացած է Թուրքիոյ մէջ վա­ճառո­ւող ամե­նաթանկ ինքնա­շար­ժին։ Ան դար­ձեալ նոյն ան­փութու­թեամբ կ՚ըսէ թէ Պոր­սա­յի մէջ առած ու ծա­խած թուղթե­րու հա­սոյ­թով տի­րացած է այդ ինքնա­շար­ժին։ Լսո­ղը ակա­մայ կը մտա­բերէ այս երկրի մէջ տա­րադ­րա­մի սա­կերուն ժա­մերու հո­լովոյ­թով ինչպի­սի հարստու­թիւններ ապա­հովե­լու իրո­ղու­թիւնը։ Քա­նի որ տե­րեւ մը իսկ չի շար­ժիր այս բո­լորը լսե­լով, ու­րեմն մենք ին­չո՞ւ հա­մար սե­փական միտ­քը մա­շեց­նենք չես գի­տեր որո՞ւ հարստու­թեան աղ­բիւրնե­րը խոր­հե­լով։

Վե­րադառ­նանք մեր իրո­ղու­թեան ու այս ան­գամ ալ շաբ­թո­ւան կա­րեւոր զար­գա­ցումնե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով պի­տի նկա­տենք Մխի­թարեան Վար­ժա­րանէ ներս սա վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը, որոնք դար­ձեալ ապար­դիւն բա­նավէ­ճերու պատ­ճառ հան­դի­սանա­լէ ետք հան­դարտե­ցան խնա­մակա­լու­թեան խո­հուն ու իմաս­տուն ետ­քայլով։

Տա­կաւին հա­զիւ թէ խո­րունկ շունչ մը պի­տի առ­նէինք այդ անի­մաստ վէ­ճի խա­ղաղե­լով, վրայ հա­սաւ Հաք­քա­րիի մէջ ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետի փո­խարէն նշա­նակո­ւած կու­սա­կալի մը պաշ­տօ­նակոչ­ման լու­րը։

Բա­զում փոր­ձե­րով յայտնի դար­ձաւ թէ այս կո­պիտ վար­քը ոչ մէկ ձե­ւով չի նպաս­տեր երկրէ ներս խա­ղաղու­թեան մթնո­լոր­տի մը զար­գացման։ Բայց ի՞նչ կա­րելի է ըսել, երբ ար­դէն նպա­տակը բո­լորո­վին տար­բեր է։ Երբ իշ­խա­նու­թիւնը խա­ղաղու­թեան ու ան­դորրի փո­խարէն յոյ­սեր կը սնու­ցէ երկրէ ներս բե­ւեռա­ցու­մը սրե­լով, ու­րեմն այդպի­սի հոգ մըն ալ չու­նի թէ ինչպէս կրնայ աւե­լի խա­ղաղ մի­ջավայր մը գո­յաց­նել երկրի մէջ։

Ահա­ւասիկ քա­նի մը օրե­րու զար­գա­ցումնե­րը, որոնք կա­րելի է ալ աւե­լի ճո­խաց­նել քիչ մը եւս գրգռե­լով մեր յի­շողու­թիւնը։ Բայց դար­ձեալ նոյն հար­ցումը՝ ի՞նչ պի­տի փո­խուի կամ ին­չի՞ պի­տի ծա­ռայէ։ Հոս է որ կը յայտնո­ւի հիաս­թա­փու­թեան այդ ահ­ռե­լի զգա­ցու­մը։

Չկայ պա­տաս­խան, չկայ բա­ցատ­րութիւն։ Բայց ճիշդ այդ պա­հուն կամ «Ուաթ­սափ»ի դրու­թեամբ կամ էլ-նա­մակով կը լսես ար­ձա­գանգ մը եւ կը հա­մոզո­ւիս թէ խօսքդ գո­նէ տեղ մը հա­սած է եւ նոյ­նիսկ աւե­լին՝ կան միտքդ կի­սող­ներ։

Քաջ գի­տեմ այս հո­գեբա­նու­թիւնը, քա­նի որ ան­ցեալին յա­ճախ առի­թը ու­նե­ցած եմ նման յու­սալքու­թեան ար­տա­յայ­տութիւններ լսե­լու։ Պար­զա­պէս ցա­ւալին այն է թէ ոչ միայն սե­փական, այլ սե­րունդնե­րու կեան­քի օրե­րը պի­տի հատ­նին նման հիաս­թա­փու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»