image

Երաշտը աւերներ կը գործէ Թուրքիոյ մէջ

Երաշտը աւերներ կը գործէ Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ մէջ, փետրուարէն ի վեր, քիչ անձրեւները վտանգած են հազարաւոր մարդոց կենսագործունէութիւնը, տեղումները կրճատուած են մինչեւ 60 տոկոս: Հողագործները հազիւ ծայրը ծայրին կը հասցնեն, իսկ կառավարութիւնը աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, գրած է Ahval-ը:

«Երբ պետութիւնը չ'աջակցիր իր սեփական արտադրողներուն, ան կ'աջակցի այլ երկիրներու արտադրողներուն: Թուրքիոյ գիւղատնտեսական հողերը մեծ ներուժ ունին, բայց չկայ միասնական քաղաքականութիւն եւ ծրագրում»,- ըսած է Հողագործներու միութեան նախագահ՝ Հուսէյն Տեմիրթաշը:

«Գիւղատնտեսական արտադրանքի ծաւալը աճած է 150 տոկոսով, եւ հողագործները պարտքերու տակ են,- ըսած է ան: - Անոնք անպաշտպան են»:

Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները նշած են, որ կառավարութիւնը բաւարար քայլեր չի ձեռնարկեր՝ կանխատեսելի ճգնաժամէն խուսափելու համար:

Անցեալ ամիս հարցը բարձրացնելով, խորհրդարանական՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական ​​կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Էպրու Կիւնայն ըսած էր, որ COVID-ի հետեւանքով գիւղատնտեսական արտադրանքի, ինչպէս՝ տիզըլի, պարարտանիւթերու, սերմերու եւ այլն, ինքնարժէքը համավարակի պայմաններուն կրկնապատիկ եղած է: