Եկեղեցիներու Միութեան Շաբթուան առիթով, 25 Յունուար 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:
Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին կողմէ նախաձեռնուած սոյն հաւաքին խօսք առին վերապատուելի Ռաֆֆի Մըսըրլեան, Արժ. Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշհաճեան, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գեր. Հայր Պերճ Սապէ:
Կրօնի ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք, հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ Եկեղեցին մէկ է՝ տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Անոնք ներկայացուցին հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին հիմնական սկզբունքները, որոնք հայ հաւատացեալները կը միացնեն մէկ մարմնի մէջ, որուն գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ հայ եկեղեցական կազմակերպութիւնները կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը, որն է ծանօթացնել մարդիկը Քրիստոսին, զՈր ընդունելով միայն կարելի է արժանանալ երկնային արքայութեան: Բանախօսները հաստատեցին, որ այն, ինչ որ կը միացնէ քրիստոնեաները՝ անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ է քան այն, որ կրնայ բաժնել, ինչ որ կը հանդիսանայ վստահելի կռուան մը՝ Եկեղեցւոյ զօրութեան:
Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին մասնակից եւ կազմակերպող բոլոր կողմերուն եւ մաղթեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութենական ոգիով:
Հաւաքը փակուեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով: