image

Եկեղեցին Հա՛րկ Է Որ Տագնապի․ Զաւէն Խանճեան

Եկեղեցին Հա՛րկ Է Որ Տագնապի․ Զաւէն Խանճեան

Եկեղեցին չկրնար գաղջ մնալ:

Եկեղեցին չկրնար հանդարտ մնալ:

Հարկ է տագնապիլ սիրելու համար:

Հարկ է տագնապիլ փրկելու համար:

Հարկ է տագնապիլ գործելու համար:

Հարկ է տագնապիլ կատարելագործելու համար:

Եկեղեցին՝ Քրիստոսի մարմինն է: Եկեղեցին մենք ենք, ես եւ դուն: Իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործելու համար, Եկեղեցին՝ հարկ է որ տագնապի:

 

 

Տագնապիլը գործելու զսպանակն է:

Հրանդ Միհրան Կիւզելեան բարեպաշտ եւ հաւատացեալ անձ մըն էր: Իր հաւատքի խարիսխը նետած է Պոլսոյ Կետիկ-Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի եւ նախակրթարանի դասարաններուն մէջ: Կանուխ տարիքէն վայելած է հոգատարութիւնը կրթական եւ եկեղեցական գործիչ, հայերէն լեզուի, հայ եկեղեցւոյ, մշակոյթի եւ պատմութեան ջահակիր Փրոֆ. Եղիա Քասունիի, իր մէջ արմատացնելով ազգային գիտակցութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի անխարդախ նկարագիր մը:

Կիւզելեան քսան տարեկան հասակին զինուորագրուելով կը մտնէ թրքական բանակի ծառայութեան մէջ ուղղուելով ներքին գաւառներ ուր 42 ամսուայ ընթացքին ականատէս կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի կորսուած, աւերուած եւ թալանուած դարաւոր ժառանգութեան ինչպէս նաեւ մնացորդացի բեկորներու ստուերային (underground) կեանքին, «հայ ծնած ըլլալու ամօթին», հալածանքին, հետապնդումին, անարգանքին: Իմացած էր թէ «Թոգատի մէջ հայատեաց փաշա մը խստիւ արգիլած է հայերէնը՝ սպառնալով որ հայերէն խօսողին լեզուն կը կտրէ»: Իմացած է թէ «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի մը կար……Զինեմթերանոց էր, եւ ինչ զարմանք որ պահակները հայ էին: Պոլսեցի հայ զինուոր մը ըսաւ ..Սնտուկներով ռազմական նիւթերը մենք կրեցինք եւ տեղաւորեցինք եկեղեցիին մէջ, խորանին ետին գետինը կափարիչ մը կար, երբ բացինք՝ գանկերով լեցուն էր»։

Կիւզելեանի զինուորական ծառայութեան շրջանի մղձաւանջի տեսիլքը, «գրաւելով, իւրացնելով, նախատելով, ամենատարրական իրաւունքներէ՝ լեզուէն, հաւատքէն եւ մշակոյթէն մեզ զրկելով ազգը բնաջնջելու» ոճիռի գեհենական անդրադարձը զինք մը մղեն տագնապելու «ես ի՞նչ կրնամ ընել, իմ բաժինս բերել ազգիս մնացորդացին օգտակար ըլլալու»: Բան մը պէտք է ընեմի տագնապը կ’ընկալէ իր ամբողջ էութիւնը:

Կիւզելեան բան մը ըրաւ: Մե՛ծ բան մը:

Հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատուիրանին – Մատթ. 16:24, Կիւզելեան ետին ձգեց իր արհեստն եւ մասնագիտութիւնը, ուրացաւ իր արուեստն ու երգեցողութեան տաղանդի կարողականութիւնը (potential) եւ վերցնելով խաչը իր կեանքը նուիրեց փրկելու Անատոլուի տարածքին վրայ գտնուող իսլամացած, քրտացած եւ կամ իսլամանալու վտանգին տակ գտնուող հարիւրաւոր պարման պարմանուհիներ հաւաքելով զանոնք նախ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նկուղին մէջ ապա Աւետարանչականի ալ օգնութեամբ, Թուզլայի Քէմբ Արմէնի հրաշք «Աթլանդիսի»ն: Այդ փրկուածներէն ամենահանրածանօթ սանը հանդիսացաւ Հայ ազգի նահատակ հերոս՝ Հրանդ Տինքն ու անոր կենակից Ռաքել Տինքը:

Երեսուն հինգ տարիներ առաջ, Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժի մարդկային եւ ազգային ողբերգութեան գոյժը յեղաշրջեց հաւատացեալ եւ աստուածավախ Ամերիկահայ ընտանիքի մը Պոսթոնի հանգստաւէտ տան խաղաղ մթնոլորտը, մղելով տագնապած տան Տիկինը իր կողակիցին ուղղելու աղերսալի բայց վճռակամ կոչ մը «Բա՛ն մը պէտք է ընենք»:

Յաջորդող մի քանի շաբաթներու ընթացքին «բան մը պէտք է ընել»ու կամքը, վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը իրականացուցին Պաղ Պատերազմի ճակատող կողմերու միջեւ հրաշալի, անզուգական եւ աներեւակայելի գաղտնի գործակցութեան ծրագիր մը որու արդիւնքը եղաւ միլիոնաւոր տոլարներու արժողութեամբ բժշկական սարգաւորումներու – Dialysis machines, բժիշկներու եւ մասնագէտներու հերթական տեղափոխութիւնը Ամերիկեան զինուորական խարիսխներէ դէպի Երեւան, սաւառնած Սովետական օդանաւերու վրայ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով էջք կը կատարէին ՄՆու զինուորական խարսիխներու մէջ: Այդ տագանապահար՝ «Բան մը ընող»ներու օղակը կը բոլորեր Պոսթընի զոյգէն սկսած, Harvard եւ Yale համալսարաններու ֆութպոլի խումբերու վրայ իրար դէմ ճակատող Baxter Internationalի նախագահը եւ այդ օրերու Ա․Մ․Ն․-ի ազդեցիկ քաղաքական գործիչ եւ տան Տիրոջ ծանօթ ազդեցիկ Ծերակուտական մը:

Վերոյիշեան երկու օրինակները կենդանի վկայութիւններ են թէ բարեգործութեան համար տագնապիլը, Աստուծոյ սիրոյն վրայ խարսխուած հաւատքի բնական արդիւնքն է:

Մալխասեան «Հայերէն Բացատրական Բառարան»ի մէջ հետեւեալ բացատրութիւնը կը կարդանք «տագնապ» գոյականին: «Գործերու լարուած՝ վտանգաւոր դրութիւն, որ պէտք է լուծուի այս կամ այն կողմ»:

«Բան մը պէտք է ընել»ը տագնապիլ կը պարտադրէ իսկ տագնապիլը Քրիստոնէական հաւատքի վրայ հիմնուած՝ մարդ արարածի Աստուծոյ սիրոյն հայելին դառնալն է, հոգալով իր համակարգի վրայ գտնուող Աստուծոյ ստեղծած զաւակները:

Տագնապելու բացակայութիւնը անտարբերութիւնն է: Անտարբերութիւն որ կը յիշեցնէ Լաւոդիկէի եկեղեցիին գրուած նամակը ուր կ’ըսէ Յայտ. Յովհ. 3:15ի մէջ, «Գիտեմ քու գործերդ, որ ոչ պաղ ես ու ոչ տաք. Երանի թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք:»

Մարդկային կեանքի եւ գոյութեան էութիւնը նուէրն է Աստուծոյ սիրոյն եւ ստեղծագործութեան: Աստուած ամբողջացուցած է հրաշքը: Ես եւ դուն կոչուած ենք ըլլալու այն ամէնօրեայ լոյսը որ կը բացայատէ եւ կը ծաւալէ Աստուածային ճշմարտութիւնները, ստեղծագործութեան հրաշքը, Քրիստոսի մարդեղացումի պատգամը, անոր մահուան գինով վճառուած մեղքերու թողութիւնը, փրկութեան խոստումը եւ Իր գծած ճանապարհին վրայ մեր ուղեւորութիւնը:

Ահաւասիկ իր գծած ճանապարհէն օրինակ մը: Մատթ. 4:16ի մէջ Յիսուս կ’ըսէ: «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորէն ձեր Հայրը որ երկինքն է»:

Աստուածաբանական համոզում է թէ փրկութիւնը Աստուծոյ շնորհքին պտուղն է եւ ոչ մեր գործերուն վարձատրութիւնը: Բայց զգոյշ՝ ոչ մէկ Քրիստոնեայ չպահուըտի այս հաստատումի քողին ետին եւ ծուլութեամբ ու բացասական կեանքի ընթացքով առանց գործելու ակնկալէ Աստուծոյ շնորհքով պարգեւուած յաւիտենական կեանքը: Յակոբոս Առաքեալ առանց բառերը ծամծմելու կը հաստատէ այս՝ Երկրորդ Գլխու 14րդ համարին մէջ: «Ի՞նչ օգուտ է, եղբայրներս եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ:»

Մարդկային ցաւը, տառապանքը, նեղութիւնը, մեղքը, անարդարութիւնը վիճակներ են որոնք հաւատացեալ մարդ արարածը մղելու են տագնապելու որու արդիւնքը բարիքի ծծնդոցն է:

Տակաւին աւելի յստակացնելու համար գործելու եւ գործերու կարեւորութիւնը, դիմենք մարդեղացած Աստուծոյ՝ Քրիստոսի, երկրի վրայ ապրած կեանքի օրինակին:

Ինչ զարմանահրաշ են Քրիստոս Յիսուսի կատարած հրաշքները իր մարդեղութեան շրջանին: Աւետարանները նուազագոյն 37 հրաշքներ կը յիշատակեն եւ այս փոքր տոկոսը կը նկատուի Քրիստոսի գործած հրաշքներուն: Յիսուս բժշկեց հիւանդները, ջուրը գինիի փոխեց, մեռելները կեանքի կոչեց եւ երկու ձուկով եւ հինգ նկանակով հազարաւորներ կերակրեց: Յիսուս տագնապեցաւ անոնց վիճակով եւ իր սիրոյն եւ հոգածութեան ծիրին մէջ ներարեց ընկերութեան լուսանցքի վրայ գտնուող մերժուածները, մեղաւորները, լքեալները: Իսկ մենք ին՞չ կոչուած ենք ընելու այս աշխարհի տառապեալներուն, տանջուածներուն, զրկուածներուն, հալածուածներուն, կարօտեալներուն:

Յիսուս՝ նոյնիսկ իր Աստուածային առաքելութեան կատարելագործումի նախօրեակին, սպասումի նկարագրութեան մէջ կ’ըսէ՝ Աւետարան Ըստ Ղուկասի 12 գլխու 50րդ համարին մէջ, «Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու, եւ ինչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի:» Քրիստոս իսկ մեր փրկութեան համար իր գերագոյն զոհողութեան պատրաստութեան նախօրեակին կ’ապրի տագնապի առհաւիրքը որպէսզի հասնի իր առաքելութեան յաջող կատարելագործումին:

Մեր կեանքի եւ ստեղծագործութեան աղբիւրի եւ հաւատքի կռուանին՝ մարդեղացած Աստուծոյ կեանքի օրինակին հետեւելու ընտրութենէն երկընտրանք չունինք: Հաւատքի կիրարկումն է Աստուածային բարիքի եւ սիրոյ լոյսի ցոլացումը մեր շուրջ գտնուող մարդկութեան մինչեւ աշխարհի բոլոր ծագերը:

Հաւատքը ինձ չթոյլատրեր հաճոյանալ փրկութեան խոստումի պատեանին մէջ առանց ապրելու Քրիստոսի տագնապը եւ ընդօրինակելու իր սէրը, զոհողութիւնը, հոգատարութիւնը, աշխատանքը, քրտինքը եւ նոյնիսկ անարգանքը:

Խորունկ եւ արմատացած հաւատքը զսպանակն է Աստուածային սիրոյ հայելին հանդիսացող մարդկային սիրոյն եւ տագնապին որու բնական եւ արդար պտուղն է գործը:

Եկեղեցին չկրնար գաղջ մնալ:

Եկեղեցին չկրնար հանդարտ մնալ:

Հարկ է տագնապիլ սիրելու համար:

Հարկ է տագնապիլ փրկելու համար:

Հարկ է տագնապիլ գործելու համար:

Հարկ է տագնապիլ կատարելագործելու համար:

Եկեղեցին՝ Քրիստոսի մարմինն է: Եկեղեցին մենք ենք, ես եւ դուն: Իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործելու համար, Եկեղեցին՝ հարկ է որ տագնապի:

 

Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան