image

Եղիա եւ Յակոբ Մանուկեանը. Հալածեալ լեզու եւ մէկ ճակատագիր

Եղիա եւ Յակոբ Մանուկեանը. Հալածեալ լեզու եւ մէկ ճակատագիր

  Սկիզբը Յակոբ Մանուկեանին տունն է։ Ամէն սկիզբ հոնկէ կը հոսէր մեզի համար։ Ամէն առանձնութիւն եւ բանաստեղծութեան բառ մեր պարոնին հինցած վարագոյրներէն  բոց առ բոց կը վերածուէր թաց մելանի, որուն կառչելով ալ պիտի գրէինք սփիւռքի մեծ   մահերուն մասին։

Ամէնէն առաջ լեզուն կը մեռնի, կ՚ըսէին շատեր.

         Բայց իրականութիւնն այլ էր, որովհետեւ լեզուի բնազանցական մահէն անդին, տեղ մը   մեր երակներուն մէջ, սրտերուն մէջ թերահաւատ ու կասկածոտ պիտի մեռնէր   անպայման այդ լեզուի զինուորը։

         Յակոբ Մանուկեանի պատմութիւնը թերեւս մեր ժամանակներու, վերջին տաս-քսան տարիներու, ամենավառ օրինակն էր, ոչ թէ գրողի մահուան մասին, այլ այդ  գրողին խանձարուր դարձած լեզուին եղերականութեան մասին, որուն մահը  կաթիլ  առ կաթիլ կը հոսէր աղէտեալ Պէյրութի թաց ու խոնաւ մայթերուն վրայ։

         Քաղաքացիական պատերազմի ամենակարմիր մահերուն, սխրանքներուն ու  նոր ֆետայիներուն նուիրումին հետ, եւ այդ բոլորին դիմաց՝  այդ կարմիր քաղաքիս       դատարկումին հետ։

         Բոլորը պիտի վկայեն, որ 1975 թուականի վերջին ամիսներուն, հարիւրաւոր պէյրութցիներ, ու մանաւանդ անոնք, որ Մաարատ, Սըրսոք, Սուք  Այաս եւ, յատկապէս,    «Սուք ալ արման» խանութ ունէին, առանց նոյնիսկ վերջին հայեացք մը տալու իրենց խանութներուն, «տարապան» վար կ՚առնէին ու ընդմիշտ կը հեռանային մեր ափերէն։

         Այդ հեռացողներուն մէջ անշուշտ կար խաւ մը՝ գաղութի փայլուն անուններէն, որոնք   երկար տարիներէ տարբեր պաշտօններու վրայ էին՝ ազգային մարմիններու անդամ,   դպրոցի ուսուցիչ , դրամատան  աշխատող, գործարար եւ լումայափոխ, որոնք կը լքէին Պէյրութը եւ մեզ ալ կը կարգէին այդ լեզուն պաշտպանելու վեհ գործին։

         Եւ այդպէս, Պէյրութը կը դառնար ճակատագիր:

         Յակոբ Մանուկեանը այդ եղերականութիւնը, այդ ամբողջ աղէտը իր գիրին ու գոյին մէջ  ապրեցնող մոհիկաններէն էր. մէկը, որ հալածեց ինքն իրեն եւ ապրեցաւ այդ հալածանքին մէջ, կեանքը վերածելով հաճելի եւ նուիրական թունախմբութեան։

Բառերուն մէջ սիկարէթի թութունէն մնացած հին մասնիկներ կային. երբ կը պատմէր իր շատ սիրած Պոլսոյ մասին, ոտքի կը հանէր բոլոր գրողները ու զանոնք մէկ առ մէկ կը շարէր մեր դիմաց։

         Բարակ մատները կը հպէին դեղնած գիրքի արանքներուն եւ վեր կը հանէին իր ամբողջ պատմութիւնը, իր անցեալը, իր ձախողած ամուսնութիւնը եւ իր միակ յոյս՝ դուստրը, եւ սենեակը կը պարուրուէր Եղիայական հոտերով։

         Գիտէք Եղիան, Տէմիրճիպաշ, յետոյ Ինտրան, յետոյ Մկրտիչը՝ միականի, եւ միւսները իրենց ամբողջ վեհութեամբ, ազնուականի մեծ հովերով եւ հասնելով մինչեւ Թալէաթ- Զոհրապ նարտիի խաղերուն։

         Այդ բոլորը իր դասարանի բոյրին կը խառնուէին, ու հայեացք մը խոր ու մանրազնին՝ դասարանի գեղուհի աղջիկներուն աչքերուն, անոնց նուրբ ու ամչկոտ տեղերուն ու նորէն դարձ մը ի Պոլիս, իր հին ընկերներուն, երկար ձմեռներուն մասին, մինակութեան, ընդհուպ մինչեւ քրիստոնէական մեծ աղօթքներուն մասին։

         Նարեկացին կը հալէր Յակոբ Մանուկեանին բերանին մէջ, ու բառերը, որոնք կը յիշեցնէին «Ես կերակուրս կ'ուտեմ եւ կերակուրս զիս կ'ուտէ» Եղիայի վերացական մտքի ու վերնատան վերջին յղացքը. բարակցող ու ինկող յղացքը, անջրպետին մէջ խառնելու համար այդ ամբողջ պարունակութիւնը եւ ատելութիւնը, որ կը նիւթուէր թաղականներու կենացներուն մէջ, հոն պարոն Յակոբի բարձր ամրոց  դարձած  բնակարանին մէջ, կանաչ փեղկերով, փակուած պատուհաններով, որոնք փակած էին իր սիրելու բոլոր ունակութիւնները եւ հալածախտը, որ կարծես դարիւ-դարիւ պիտի հալածէր արեւմտահայոց բառին ու բանին մեծ հնոցին նուիրեալները։

         Հինէն կու գար այդ հալածախտը, կ՚անցնէր Սկիւտարէն, դադար կ՚առնէր Այասի նեղ  պատերուն տակ, կը զառնուէր Վոսփորի ջուրերուն, կը նեղսրտէր արագ մը, կը նեղանար, ձուկերուն հետ կը խօսէր եւ կ՚արձակէր մեծ երազը ազատութեան, որ իր     առագաստները բացած կը հասնէր մինչեւ Եաֆա, մինչեւ Լաթաքիա, մինչեւ Պէյրութ եւ  կը հանգչէր Աւետարանական կրթութեան եւ լոյսին փարող բոլոր տեսակի աւանդութիւններուն համար։

         Յակոբ Մանուկեանին մահը մեր սերունդին համար անիսոնի վերջին բաժակը խմելու պէս բան կը դառնար, տեսակը կը կորսնցնէինք, առանց գիտակցելու, որ լեզուի մահէն առաջ, նախ գրողը կը մեռնի եւ մենք ամուր չէինք բռնած անոր բարակ ձեռքերէն...  Չէինք սորված ինչպէս կը սիրեն օրերը, չէինք կռահած, որ Պուրճ Համուտի արեւները օր մը պիտի մարին, գուցէ մեզի համար, մեր սերունդին համար, որ այսօր լուսաւոր եւ ցիրուցան աշխարհի մեծ ոստաններուն մէջ, դիմակաւոր կամ անդիմակ, պայծառ կաթիլ մը լոյս կը տանի մունետիկներուն:

         Մենք չէինք հասկցած, որ արեւմտահայերէնը տեղ մը թոյն խմելու բոլոր վարկածները  վեր կը հանէ, կը հաւատայինք դեռ, որ Ասսաֆ Խուրի փողոցի մեր տան սենեակներուն մէջ խմուած գինիները յաւերժօրէն պիտի հոսին ու կանչեն մեզ գիրի մեծ աղօթքին։

         Մենք շատ հաւատացինք, մեր կայմերը ամուր էին անհող-հողին մէջ, արմատ   չունէինք  եւ անարմատ շուքերով  մեր Ես-ը  թալանել տուինք։

         Մեղանչելու պէս, որ լեզուն միայն չլքէ մեզ, չունենայինք տուն, չունենայինք սէր,  չունենայինք նոյնիսկ մեր պարոնին ծխած կարմիր «Տանհիլ»ին գումարը, այլ միայն՝ լեզուն, լեզուն մեր գրպանին մէջ, իբրեւ մխիթարական աւիշ։

         Այդ մխիթարութիւնը ամէն տեղ տարինք մեր հետ, հոն, Հարիսան բարձրանալու ատեն,  Շուշիի ամենաբարձր կէտին, յետոյ Զանգելան, յետոյ Լոնտոն, Թորոնթօ, Նիկոսիա եւ սիրառատներու ամենասիրելի Լառնաքան, ջուրերուն վրայ ելած։

         Յետոյ նորէն դարձանք Դամասկոսին, վարդեր քաղեցինք պատերազմներէն ու արիւններէն առաջ, յետոյ Հալէպը մեզ գրկեց, քանի-քանի գրողներ մեզի սէրը ընկալել տուին: Քաղաքները շուն չէին մեզի համար, որովհետեւ լեզուն մեզ կամրջեց մինչեւ Սոնիայենց Այնճարի տան մեծ ընկերութեան պահերը:

         Յետոյ նորէն ելանք դաւաճանելու, նորէն սփռուեցանք, նորէն հեռացանք, նորէն քէն պահեցինք....

         Մոռցանք պարոն Յակոբը, մեր պարոնները մէկ-մէկ հեռացան, մէկ-մէկ ճախրեցին, Ալիքեանը պահ տուինք աղէտահար Պէյրութին, որուն բոլոր փշրանքները այսօր կը պատմեն անոր անմահ բանաստեղծութեան երազներուն մասին։

         Սեւ չէր ամէն ինչ այդ օրերուն, սակայն կար այս գիրին մեծ եղերականութիւնը, որ հիմա Երեւանի մայթերուն սիրուն-սիրուն կը սեթեւեթէ ու կը պատմէ միայն մեր ուտելիքներու  անվերջանալի  համերուն մասին, մեր տեսակին,  մեր հագուկապին, մեր գլխարկներուն, սակայն ոչ մեր լեզուին մասին։

         Ինչքան պիտի դեգերինք, հասկնալու համար, որ լեզուն է մեզ պահողը ու մեզի  բնակարան տուողը, պիտի շալկենք անոր խաչը, առանց տրուելու հալածանքին,  առանց հալածուելու ու առանց Եղիայի սեւ նկարները տեսնելու:

         Քալելու պէս Պոլսոյ իմ սիրած թաղերէն, ուր չես գիտեր քանի անգամ Եղիան իր սիրոյ թոյնը կը թքնէր ու կը յիշեցնէր մեր լեզուի ճակատագրականութեան մասին, իր    Սկիւտարի, Կէտիկ Փաշայի եւ նոյնիսկ պատրիարքներու քղանցքներէն բռնած Գում  Գաբուի անվերջանալի փողցներուն եւ այդ փողոցներէն վեր սլացող մեր մեռնող ու չմեռնող լեզուի ճակատագրին մասին։

         Գիտէինք, որ սփիւռքի գրողները պիտի մեռնին իրենց ճակատագրին համար, պիտի մեռնին ցորենին հատիկներուն նման, որ ապրի մեր լեզուն։

         Եւ այսօր տուէք ինծի մեր ուսուցիչներու ոգիէն մնացած կաթիլ մը սէր, ու ես ձեզի տամ  արեւմտահայերէնի համար եղած նոր, օդասուն սենեակներ, սենեակներ, ուր նախանձ  չկայ, ուր կայ սէր, ուր կայ սիրել եւ ուր մեր ճակատագիրը պինդ ագուցուած է արեւմտահայերէնի նոր հովանոցներուն, որոնք դեռ պիտի բացուին, պահելու համար մեզ մեծ անձրեւներէն։

         Սովէն անցան, մահէն անցան, հիմա մենք համաճարակէն կ՚անցնինք, եւ ինչքան  դիպուկ է, որ դեռ կան ընկերներ, որոնք կը մերժեն Յակոբ Մանուկեանի  մեզի երկարած   գինիի բաժակներէն խմել, որով շատ լաւ գիտէինք, որ այդ գինիին մէջ օրէն, շատ  հինէն ջուր խառնուած է։

          Մենք մերժեցինք այդ մահուան ճակատագիրը, որով սիրեցինք կեանքը։

         Այսքան։                

                                                                                                                         Սագօ  Արեան

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...