image

Դժուարութիւններէն անդին. Քեսապը դեռ կանգուն է

 Դժուարութիւններէն անդին. Քեսապը  դեռ կանգուն է

Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք» կողմէ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ Քեսապի դժուարութեանց մասին իր վկայութիւնը բերած է Քեսապի հայ կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ ՝Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանը։

Անցեալ ամիս գրանցուած աղէտալի երկրաշարժը ցնցեց նաեւ Սուրիոյ Քեսապ աւանը։

Պատմական անցեալ ունեցող եւ տարբեր առումներով հայկականութեան դրոշմ ունեցող Քեսապը վերջին ժամանակներուն կ՚անցնի դժուարին պայմաններէ։

 Տնտեսական տագնապ, առաջին անհրաժեշտութեան  նիւթերու պակաս ու այս բոլորի կողքին մարդուժի երեւելի նօսրացում։

 Այս մասին խօսած է մեկնաբան Սագօ Արեան, որուն կարծիքով այսօր Քեսապի թիւ մէկ խնդիրը անոր երիտասարդ մարդուժի արտագաղթն է։

Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք» կողմէ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ Քեսապի դժուարութեանց մասին իր վկայութիւնը բերած է Քեսապի հայ կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ ՝Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանը։

 Մնացեալ մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

 

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ  Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։