image

«Դուք վկաներ էք». Հռոմի Պապն ընդունեց Սուրբ Սիւնհոդոսին մասնակցած Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները

«Դուք վկաներ էք». Հռոմի Պապն ընդունեց Սուրբ Սիւնհոդոսին մասնակցած  Հայ Կաթողիկէ  Եպիսկոպոսները

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Քահանայեպտը օրերս ընդունած է Հայ Կաթողիկէ  Նուիրապետական Սիւնհոդոսին մասնակից Սրբազան Հայրերը գլխաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք  Ամեն. եւ Գեր. Տ.  Ռաֆայէլ-Պետրոս  ԻԱ.  Մինասեանին։

Այս մասին հանգամանաւոր կերպով գրած է «Ռատիօ Վատիկան»ի  հայկական ծառայութիւնը, ուրկէ ալ կը  մէջբերենք մեր գործընկեր ծառայութեան խմբագիր Ռոպէր Աթթարեանի ստորագրութիւնը կրող լրատւութիւն յօդուածը։

«Ամենողորմ Տէր, ողորմեա ամենայն հաւատացելոց ի քեզ, իմոց եւ օտարաց, ծանօթից եւ անծանօթից, կենդանեաց եւ մեռելոց. շնորհեա եւ թըշնամեաց իմոց եւ ատելեաց զթողութիւն որ առ իս յանցանացն, եւ դարձո զնոսա ի չարեացն զոր ունին վասն իմ, զի ողորմութեան քում արժանի եղիցին. եւ ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս» Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթամատեանէն քաղուած այս աղօթքով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Սիւնհոդոսական Հայրերուն ուղղուած ճառը։

Արդարեւ այսօր չորեքշաբթի` 28 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան կանուխ ժամը 8ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճի կողքին գտնուող այլ մէկ դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց հերթական սիւնհոդոսը գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին։

Հանդիպումին սկիզբը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետին հետ ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր հանդիպումը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, հարբուխի պատճառաւ չկարենալով կարդալ պատրաստուած ճառը, զայն յանձնեց Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլիէն եւ խնդրեց` որ ընթերցէ զայն։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը Քահանայապետին հետ

Ճառին մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր, սիրելի Եպիսկոպոս եղբայրներ, բարի եկած էք։ Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ ընկալել Հռոմի մէջ, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներու շիրիմին մօտ, Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առիթով։ Որպէս Եպիսկոպոսներ, առաքեալներուն յաջորդ, մենք պարտականութիւնն ունինք ուղեկցելու Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին, դէպի Յիսուս, մարդոց Տէրն ու Բարեկամը, մեր Բարի Հովիւը։ Եւ սիւնհոդոսի ամենամեծ պատասխանատուութիւններէն մին ճիշտ ձեր Եկեղեցւոյ վաղուան Եպիսկոպոսներ շնորհելն է։ Ձեզմէ կը խնդրեմ զանոնք ընտրել հոգատարութեամբ, որպէսզի նուիրուած ըլլան հօտին, հաւատարիմ հովուական ծառայութեան եւ ոչ երբեք փառքի ձգտողներ։ Անոնք պէտք չէ ընտրուին համակրանքի կամ հակումներու հիման վրայ եւ պէտք է ուշադիր ըլլալ այն մարդոց` որոնք «ունին շահավաճառութեան հոտառութիւնը» եւ կամ «իրենց ձեռքը միշտ ճամբորդական պայուսակով», որոնք ժողովուրդը որբ կը թողուն...։

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Քահանայապետին հետ

«Հեռաւորութիւններով ու առանձնութեամբ լի աշխարհի մը մէջ, անոնք` որոնք մեզի յանձնուած են պէտք է մեր մէջ գտնեն Բարի Հովիւին ջերմութիւնը, մեր հայրական ուշադրութիւնը, եղբայրութեան գեղեցկութիւնը, Աստուծոյ ողորմութիւնը...։ Ձեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները պէտք ունին իրենց Եպիսկոպոսներու մօտիկութեան» ու հակառակ, որ ձեր հաւատացեալները ձրուած են համայն աշխարհին մէջ «Եկեղեցին պէտք է ըլլայ սիրալիր Մայր մը եւ պէտք է ամէն ձեւ գտնէ անոնց հասնելու համար, որպէսզի անոնք ընկալեն Աստուծոյ սէրը իրենց եկեղեցական աւանդութիւններուն համաձայն։ Ասիկա կառոյցներու հարց մը չէ, որոնք պարզապէս միջոց մըն են Աւետարանը տարածելու, ասիկա հիմնականին մէջ հովուական հարց է, ջանալ բարին խթանել աւետարանական հայեացքով ու բացուածքով» նշեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ աւելի սերտ համագործակցութեան էականութեան։

....

«Դուք սիրելի եղբայրներ, քահանաներու, սարկաւագներու, նուիրեալ անձերու ու ձեր Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին ունիք մեծ պատասխանատուութիւն մը։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոսին լոյսը բերաւ հայոց ժողովուրդին որ դարձաւ առաջին ազգը, որ զայն ընկալեց պատմութեան մէջ։ Դուք ուրեմն այդ լոյսին վկաներն էք եւ «առաջնածին», դուք արշալոյսն էք, կոչուած ճառագայթելու քրիստոնէական մարգարէութիւնը աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը նախընտրէ ատելութեան, պառակտման, բռնութեան, վրէժխնդրութեան խաւարը»։

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Քահանայապետին հետ

Թէեւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին փոքր է թիւով «Աստուած իր սքանչելիքները կը սիրէ իրագործել փոքրերուն հետ», ուստի պէտք չէ «մոռնալ փոքրերը, աղքատները, ու այս մէկը ընել աւետարանական կեանքի օրինակով, հիւրընկալելով նաեւ սփիւռքի գաղթականները` որպէս եղբայրներ, քոյրեր, զաւակներ»։

Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց ներկաները աղօթելու, «շատ աղօթեցէք որպէսզի պահպանէք այդ ներքին կարգը` որ ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ գործելու ներդաշնակութեամբ, զատորոշելու Աւետարանին առաջնահերթութիւնները` որոնք հաճելի են Աստուծոյ»։

«Ձեր սիւնհոդոսները թող լաւապէս պատրաստուին եւ հարցերը մանրակրկիտ կերպով քննարկուին ու իմաստութեամբ գնահատուին։ Մինչ լուծումները, որոնք պէտք է ըլլան միշտ ու միայն ի սպաս հոգիներու բարիքին, կիրառուին և ստուգուին խոհեմութեամբ, հետևողականութեամբ և իրաւասութեամբ, նախ և առաջ ապահովելով լիարժէք թափանցիկութիւն նաև տնտեսական դաշտէն ներս»։

Նորին Սրբութիւթնը թելադրեց նաեւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել նորընծաներու կազմաւորումին ինչպէս նաեւ յատուկէն հոգ տանիլ ու մօտիկ ըլլալ երիտասարդ Քահանաներուն, որպէսզի «անոնք իրարու միջեւ խթանեն եղբայրական հաղորդութիւնը» այնպէս ընելով որ «չի յուսալքուին ի տես առօրեայի դժուարութիւններուն ու հլու ըլլան Սուրբ Հոգիի ստեղծագործութեան. որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայեն սիրոյ ուրախութեամբ»։

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Քահանայապետին հետ

Քահանայապետը ճառին աւարտին աղօթքով յիշեց Հայաստանը ու «մանաւանդ անոնք, որոնք փախուստ տուին Լեռնային Ղարաբաղէն։ Ապաստան փնտռող տեղահան բազմաթիւ ընտանիքները», յարեց Ան յիշելով աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմները ու տառապանքները… որոնք միշտ ալ ողբերգական ու անհեթեթ են»։

«Գանիցս աղաչեցի «ալ կը բաւէ»։ Միասին արձագանգենք խաղաղութեան աղաղակը, որպէսզի դպչի բոլորի սրտին ու նաեւ անոնց` որոնք անզգայ են աղքատներու ու հեզերու տառապանքին դիմաց։ Եւ ամէնէն առաջ աղօթենք։ Ես այս պիտի ընեմ ձեզի ու Հայաստանի համար եւ դուք բարեհաճեցէք յիշել զիս ձեր աղօթքներուն մէջ» եղան Քահանայապետին վերջին խօսքերը։