image

Դէպի ապագայ անցեալի հետ…

Դէպի ապագայ անցեալի հետ…

Եթէ ​​չսորվիք մեր սխալներէն, կը շարունակենք նոյն սխալները կրկնել: Սա ճիշդ է ինչպէս մարդկութեան, այնպէս ալ նոյնիսկ ամբողջ կենդանի արարածներու համար: Երբ մենք շարունակենք մերժել անցեալը եւ այդպէս նայիլ պատմութեան, դժուար է սխալներ տեսնել, որովհետեւ մենք գրած ենք յաջողութիւնները եւ անտեսած ենք սխալները։ Պատմութեան գիրքերուն մեծամասնութեան մէջ արձանագրուած են միայն պարտուած պետութիւններու սխալները։ Երբ սխալները միշտ ուրիշինն է, կարելի չէ դասեր քաղել։ Կարելի է ըսել, որ պատմութիւնը բաղկացած է կրկնութենէ, քանի որ դասեր չեն քաղուած աւելի վաղ գործուած յանցանքներէն։ Եթէ ​​նկատի ունենանք, որ մարդկութեան անցեալը աւերուածութիւններու ու անհետացման պատմութիւն է, ապա անցեալը մոռացութեան մատնելու կամ անոր մէկ մասը սրբելու փորձը ցաւալի հետեւանքներ կ՚ունենայ։

 

 

Ապագան կ՚երազենք, կ՚երեւակայենք ու կը պատրաստուինք անոր լաւապէս իրականացման, ներկան կ՚ապրինք, բայց անցեալը մենք ենք, մեր անհատականութիւնը, մեր ինքնութիւնը կազմող միակ հանգամանքը, տարրը…

Եթէ հաշտուինք անցեալին հետ՝ մենք կ՚անդրադառնանք, թէ մենք ինչ որ ապրած ենք, այն ենք։ Մեր անցեալը մեր անհատականութիւնն է: Սխալ կամ ճիշդ, մենք մեզ կ՚անուանենք մեր փորձառութիւններու շնորհիւ։ Անյեղլի իրողութիւն է, թէ մենք չենք կրնար փոխուիլ՝ մերժելով վատ փորձառութիւնները: Ընդհակառակը՝ մենք կը նախապատրաստուինք վատ փորձառութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար։ Սխալները մոռնալը կը նշանակէ հրաժարիլ քաղուելիք դասերէն, անցեալը մերժելը կը նշանակէ հրաժարիլ աւելի լաւ ապագայէն, ինչ որ մարդկային անցեալի արդիւնքն է։ Անցեալը պէտք է ընդունիլ եւ պէտք է ըմբռնել, որ ապագան պատմութեան էջերուն արձանագրուածէն կամ ներկայէն վեր կրնայ բարձրանալ։

Մինչ կը կապուինք կեանքի, ուրիշներու եւ հասարակութեան մէջ մեր սեփական դերերու հետ, պէտք չէ կորսնցնենք անցեալն ու ապագան: Եկէ՛ք, խօսինք անցեալին հետ հաշտուելու, անցեալը ընդունելու եւ անոր հետ կապուելու մասին։ Յօդուածներու, գիրքերու, նկարներու, քանդակներու նպատակը հաղորդակցութիւն ապահովելն է, շղթային օղակ մը աւելցնելը, կամուրջ կառուցելը անցեալի եւ ներկայի, նաեւ ապագայի միջեւ։ Մարդիկ միշտ կամուրջներ կը կառուցեն, կամուրջներ ունին նաեւ իրենց ներաշխարհին մէջ։ Անցեալի հետ հաշտութիւն հաստատելը կը նշանակէ ապրիլ ամբողջ կեանքը՝ առանց խզելու մեր կապերը անցեալի գործընթացներուն հետ:

Պատմութիւնը մեր ետին չենք կրնար թողուլ։ Պատմութիւնը մեզի հետ շարունակուող գործընթաց մըն է, որ իր վրայ աւելցնելով նոր փորձառութիւններ՝ կը մեծնայ այնպէս, ինչպէս որ կը լեցուի աւազան մը։ Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այս գործընթացէն ներս, կապուած է նաեւ ապագայի հետ։ Մարդիկ, որոնք չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչ է ժամանակը, պէտք չէ իրենց փորձառութիւնները համարեն այնպէս, կարծէք անոնք անցած ու կորսուած են: Մարդիկ, որոնք չեն կրնար հասկնալ անցեալն ու ապագան, յառաջընթացը անոնց համար պատրանք մըն է։ Թէեւ մենք կը կարծենք, որ կը կազմենք տիեզերքի պատմութեան փոքր մէկ մասը, միանգամայն տեղի կ՚ունենանք ու կ՚անհետանանք։ Ահա մեր երկար էփիք պատմութիւնը արտաքինէն. այսինքն՝ կը կարծենք, որ անցեալն ու ապագան տեղի կ՚ունենան սովորական իրադարձութիւններու նման։

Ինչպէս մենք կապուած ենք մեր անցեալի հետ, նոյնպէս իրարու զօդուած են անցեալն ու ապագան: Ապագան հիմնուած է անցեալի վրայ։ Անցեալը վերլուծելով հնարաւոր է տեսնել ապագայի հեռանկարը։ Լաւ վերլուծութեան համար նախ պէտք է ընդունիլ անցեալը իր բոլոր ձեւերով։ Մենք չենք կրնար այս մէկը ընել «ժամանակակից» մարդու՝ պատմութեան խեղաթիւրուած ըմբռնմամբ: Համաշխարհայնացումը կը խանգարէ մեզ տեսնել պատկերին ամբողջութիւնը։ Ուստի, անհրաժեշտ է աշխատիլ ժամանակակից կեանքի կապանքներէն ազատելու ուղղութեամբ։ Պէտք է տեսնել, թէ ինչ կը կատարուի իրականութեան մէջ՝ համաշխարհայնացման պատրանքի ետին։ Սա հնարաւոր է անհատական ​​կեանքերու անկանխատեսելիութեան ընդունմամբ, ապա պատմութեան անվախօրէն ու առանց ուրանալու ըմբռնմամբ:

Եթէ ​​չսորվիք մեր սխալներէն, կը շարունակենք նոյն սխալները կրկնել: Սա ճիշդ է ինչպէս մարդկութեան, այնպէս ալ նոյնիսկ ամբողջ կենդանի արարածներու համար: Երբ մենք շարունակենք մերժել անցեալը եւ այդպէս նայիլ պատմութեան, դժուար է սխալներ տեսնել, որովհետեւ մենք գրած ենք յաջողութիւնները եւ անտեսած ենք սխալները։ Պատմութեան գիրքերուն մեծամասնութեան մէջ արձանագրուած են միայն պարտուած պետութիւններու սխալները։ Երբ սխալները միշտ ուրիշինն է, կարելի չէ դասեր քաղել։ Կարելի է ըսել, որ պատմութիւնը բաղկացած է կրկնութենէ, քանի որ դասեր չեն քաղուած աւելի վաղ գործուած յանցանքներէն։ Եթէ ​​նկատի ունենանք, որ մարդկութեան անցեալը աւերուածութիւններու ու անհետացման պատմութիւն է, ապա անցեալը մոռացութեան մատնելու կամ անոր մէկ մասը սրբելու փորձը ցաւալի հետեւանքներ կ՚ունենայ։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս