Բայց գիտցի՛ր որ չմեռան,
Այլ միայն անմարմնացան.
Մահ չկայ հաւատացեալ
Ժողովուրդին հայկազեան,
Ծաղկազարդ էր գոյնզգոյն
Առաւօտ մը գեղանի,
Տերեւներն խնդումերես
Ու կակաչներն ծաղկալի.
Իսկ զոյգ մը նորապսակ,
Ծրագիրներով կեանքի՝
Յոյսի աղբիւրով լեցուած
Կ'երթային եկեղեցի։
Դեռ դռներուն չհասած,
Փոխան շարականներու՝
Գետին ինկան աչքաբաց,
Անգերեզման, մերկ ու կոյր։
Դաշոյնն էր սպառնալի
Հիազարհուր ոսոխին,
Որ խլեց երկնաթռիչ
Երազները հայ զոյգին,
Երազները կնքըւած,
Մերթ՝ գոհունակ սրտերուն,
Զոյգ սրտերուն, մերթ՝ խաղաղ,
Ապա՝ սաստիկ հեւացող,
Ի՜նչ դղեակներ հայկական
Խլեց դաշոյնը ոսոխ։
Չմնացին այլեւըս
Հանճարածնունդ երազներ,
Յորդեցան հետը արեան,
Սրտերէն դուրս երկուքին՝
Ու դարձան որպէս անհուպ,
Անիմաստ երազանքներ։
Դուն իմացար, լաւ իմացար
Սրբութիւնն այդ օճախի,
Որ մարդկութեամբ ու սիրով
Համայն աշխարհ պիտ' գրկէր,
Ու պահպանէր չարիքէ,
Քո նմանը ախտերէն՝
Հազարաւոր տարիներ։
Բայց գիտցի՛ր որ չմեռան,
Այլ միայն անմարմնացան.
Մահ չկայ հաւատացեալ
Ժողովուրդին հայկազեան,
Մահը անորոշ բան չէ
Սրբակրօն մարդկութեան,
Աշխարհը լոկ դժոխք է
Սրութեամբըդ հոգեհան։
Կայլակ