Այսօր Դանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» բանաձեւը: Դանիոյ խորհրդարանը բանաձեւը ընդունեց 89 կողմ, 9 դէմ, 11 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Բանաձեւը քննարկուած էր 19 յունուարին:
Դանիոյ խորհրդարանը այսօր քուէարկութեան դրաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» երկու բանաձեւերէն մէկը: Ասիկա այն բանաձեւն է, ուր օգտագործուած է «Արեւելեան Անատոլիա» (միւս նախագիծին մէջ` «Օսմանեան կայսրութիւն էր), եւ «ողբերգական եւ արիւնալի իրադարձութիւններ» ձեւակերպումները (միւս նախագիծին մէջ` «ջարդեր եւ բռնի տեղահանութիւններ»:
Այս բանաձեւը զգուշաւոր փաստաթուղթ է, եւ զայն դժուար է համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ: Միաժամանակ, Դանիոյ Թագաւորութեան խորհրդարանի այս քուէարկութիւնը կարելի է համարել որոշակի տեղաշարժ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ Դանիոյ Թագաւորութեան քաղաքական դիրքորոշման առումով: