image

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը Կրթական տարեշրջանի վերամուտին առթիւ օրհնութեան գիր հրապարակած է

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը Կրթական տարեշրջանի վերամուտին առթիւ օրհնութեան գիր հրապարակած է

Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Խօսքը՝ Ուսումնական Տարուայ Վերամուտի Առիթով

Սիրելի փոքրիկ,

Սիրելի հայ աշակերտ,

Սեպտեմբերի գեղեցիկ այս օրը, աստուածային օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով կ'ողջունեմ Քեզ սիրելի աշակերտ:

Ահաւասիկ այսօր կրկին կը բացուին դպրոցին դռները: 2017-2018 ուսումնական վերամուտն է: Այսօր եւ իսկ ու ամբողջ տարի մը պիտի յաճախես դպրոցդ, զոր քու մատղաշ հասակի երկրորդ տունդ է: Այո դպրոցը քու տունդ է: Դպրոցը գիտելիքի եւ գիտութեան տունն է: Դպրոցը դաստիարակութեան եւ կրթութեան տունն է: Դպրոցը քու ընտանիքդ է՝ աշակերտ ընկերներով եւ ուսուցիչ ու դաստիարակներով: Հայ դպրոցը, մանաւանդ, քու իրական տունդ է:

Դպրոցը կը նմանի մեղուի փեթակի մը: Ան մեծ, ժրաջան եւ աշխոյժ մեղուաբոյն մըն է: Ամէն ոք կը գործէ ընկերոջ հետ եւ ընկերոջ համար: Դպրոցն ալ այն բոյնն է ուր դուն գիտութեան մեղրը պիտի ստանաս եւ քաղցրացնես քու կեանքդ եւ հարստացնես գիտելիքներդ:

Սիրելի փոքրիկ աշակերտ, պատանի եւ պարմանուհի, լա՛ւ գիտցիր, թէ դուն հայ դպրոց կը յաճախես եւ պէ՛տք է յաճախես: Ինչքա՜ն ալ դասերով ծանրաբեռնուած զգաս, կամ տարբեր նիւթերու մէջ յաջողութեան հասնելու համար ինչքա՜ն ալ շատ ըլլան տնային պարտականութիւններդ, պէտք չէ մոռնաս եւ մանաւանդ պէտք չէ թերանաս հայերէն լեզուի եւ հայերէն կրօնի դասերուն մէջ: Հայերէնի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցին՝ քու դպրոցիդ անուշահամ քաղցր մեղրն է: Ուստի գիտութեանց եւ գիտելիքներուն հետ քաղցրացուր կեանքդ Մեսրոպաշունչ Այբ ու Բենով եւ քաղցրահամ մեր հայերէնով:

Հայերէնի ուսուցիչդ եւ հայ դաստիարակդ քեզի պիտի հրամցնեն մեր պատմութիւնը, դիւցազնաւուն պատումները, ինչպէս նաեւ մեր հարուստ մշակոյթն ու հոգեւոր ազգային անգին ժառանգութիւնը: Տէր եղիր այդ գանձին եւ արժեւորէ ու լաւ պահէ քու սրտիդ մէջ: Արդարեւ Հայերէնն է քու ինքնութիւնդ: Ապա ուրեմն հայերէնով պիտի կերտես նկարագիրդ եւ հայերէնով պիտի լուսաւորես կեանքիդ ուղին:

Սիրելի ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ, հայրական յորդորրով կը դիմեմ Ձեզ, որպէսզի Ձեր կարելին ընէք՝ մեր սիրասուն աշակերտներուն մատուցելու մեր ազգայինը, մեր պապենականը եւ մեր ինքնութեան էականը: Ձեր ուսերուն վրայ դրուած է անոնց հայեցի դաստիարակութեան ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւնը: Կ'աղօթեմ Աստուծոյ Ձեզ համար: Կը հայցեմ Աստուծոյ օգնականութիւնը Ձեզ համար, որպէսզի ըլլաք առողջ, առոյգ եւ նախանձախնդիր Ձեր առաքելութեան մէջ: Չ'վհատիք երբեք, քանզի դուք էք մեր դպրոցին բաբախող հայ սիրտն ու հոգին:

Հոգու հրճուանքով, սիրելի ուսուցիչ եւ դաստիարակ, սիրասուն փոքրիկ եւ պատանի ու պարմանուհի հայ աշակերտ, Ձեզի կը բերեմ իմ հայրական օրհնութիւնս ու կը մաղթեմ Ձեզի յաջողութիւն ուսման մէջ: Կը մաղթեմ Ձեզի առողջ, խաղաղ եւ ուսումնալի տարի մը, լի արեւշատ ու խաղաղ եւ ուրախ ու պայծառ օրերով:

Հայրական օրհնութեամբ աղօթարար՝

Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան

Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի

Դամասկոս, 11 Սեպտեմբեր 2017

Թիւ 331