Մոսկուան Ուաշինկթընէն պահանջած է դադրեցնել Ուքրանիան զինելը` հակառակ պարագային սպառնալով «անկանխատեսելի հետեւանքներէ»: Այս մասին կ'ըսուի Ռուսաստանի պաշտօնական դիւանագիտական գրութեան մէջ, որուն պատճէնը ուսումնասիրած է The Washington Post-ը:
Կը նշուի, որ ռուսական գրութիւնը յղուած է այն բանէն յետոյ, երբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հաստատած է Ուքրանիոյ 800 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան հերթական փաթեթը: Այն կը նախատեսէ զինատեսակներու շարքի կտրուկ ընդլայնում:
«Մենք կոչ կ'ընենք ԱՄՆ-ին եւ անոր դաշնակիցներուն՝ դադրեցնելու Ուքրանիոյ անպատասխանատու ռազմականացումը, որ անկանխատեսելի հետեւանքներ կը բերէ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան համար», կ'ըսուի գրութեան մէջ:
Մոսկուան կը պնդէ, որ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի «ամենազգայուն» սպառազինութիւններու համակարգերու մատակարարումները Ուքրանիա «իւղ կը լեցնեն» հակամարտութեան վրայ: