image

Ցուցարարները աթարով լեցուած պարկեր նետեցին Ազգային Ժողովի մուտքէն ներս

Ցուցարարները աթարով լեցուած պարկեր նետեցին Ազգային Ժողովի մուտքէն ներս

ԱԺ-ի դիմաց իրականացող բողոքի արշաւի մասնակիցները տեղափոխուած են Բաղրամեան պողոտայ եւ ԱԺ գլխաւոր մուտքէն ներս շպրտած իմքայլական պատգամաւորներու լուսանկարներով ու աթարով լեցուած պարկեր: Ապա ոստիկանները հաւաքի մասնակիցներէն մի քանին բերման ենթարկած են։

Ինչպէս յայտնած էինք, ԱԺ ծառայողական մուտքի դիմաց բողոքի արշաւ կ'իրականացնեն «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» աջակիցները: Արշաւի մասնակիցներու խօսքերով՝ այսօր կառավարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են հակապետական օրինագիծեր, եւ իրենք խորհրդարանի Տեմիրճեան փողոցի մուտքի մօտ են՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար: Անոնք կը կարծեն, որ երկրի առաջ ծառացած են շատ աւելի հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներ, քան ԱԺ-ի այսօրուայ օրինագիծերն են, եւ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ոստիկանները պատ կազմած են եւ բոլորին յորդորած բաց պահել Տեմիրճեան փողոցը։

Արշաւի մասնակիցները երթով հասած են Կառավարութեան շէնքի մօտ, բողոքի կոչեր հնչեցուցած եւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ եզրափակած են հանրահաւաքը: