image

Ցեղասպանութենէն աւելի ուժեղ ...

  Ցեղասպանութենէն աւելի ուժեղ ...

Եգիպտացի յայտնի լրագրող Մուսթաֆա Օպէյտի  բացառիկ յօդուածը «Ալ Արապ»  կայքին մէջ

 

Եգիպտացի լրագրող Մուսթաֆա Օպէյտի վերջերս հրապարակած յօդուածը մի քանի առումներով կարեւոր ձեռքբերում պէտք է համարել։

Ոչ միայն հայութեան, հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս Եգիպտոսի դարաւոր համայնքին մասին վերջինիս կողմէ լոյսին բերուած վկայութիւններով, այլ անոր համար, որ արաբական աշխարհին բացուած «Ալ Արապ» պարբերականը այսօրուան կտրուածքով կը համարուի համա-արաբական հարթակ մը, ուր ներկայացուցած յօդուածները իրենց կարեւոր եւ նշանակալի հնչեղութիւնը ունին։

Այս օրերուն կ’ապրինք դժուարին ժամանակներ. մէկ կողմէ Արցախեան պատերազմի ծանր պարտութիւնը, եւ միւս կողմէ ալ Հայաստանի ներքաղաքական անկայուն վիճակն ու խայ- տառակուած իշխանութիւններուն աթոռին կառչելու մոլուցքը մեծապէս կ’ընկճեն մեզ։ Գիտենք նաեւ, որ արաբական աշխարհին բացուելէ առաջ, մեզի համար հարկաւոր է ի մի բերել մեր ներքին տան խնդիրները ու անկէ ետք ալ անցնիլ վերականգնումի այդքան անհրաժեշտ աշխատանքներուն, որոնք պէտք է կատարուին համահայկական ճիգերով։

Գիտենք նաեւ, որ Եգիպտոսի հայկական համայնքը, ու մասնաւորապէս տեղի Հայ դատի յանձնախումբը գլխաւորութեամբ ջանադիր ատենապետ բժ. Արմէն Մազլումեանին մեծ գործ տարաւ ողջ պատերազմին ընթացքին հայկական օրակարգը դարձնելով ամենօրեայ լուսաբանութեան արժանի թեմա եւ մեր արաբ եղբայրներուն անկեղծօրէն ու յստակ գիծով մը բացատրելու Արցախեան պատերազմին իրական պատճառները, Ատրպէյճան-Թուրքիա «տանդէմ»ին բարբարոսական նկրտումները ու նաեւ Հայաստանի ու Արցախի վտանգուած ըլլալու լուրջ հանգամանքը։

Ու այստեղ յստակ էր նաեւ, որ հակառակ մեր կրած մեծ պարտութեան (մասնաւորապէս իշխանութիւններու եւ Փաշինեանի մօտեցումներուն հետեւանքով) արաբական աշխարհին մէջ հայութեան դերն ու դիրքը մնացին իրենց բարձրութեան ու նաեւ յարգանքի արժանի հարթակի մը վրայ։

Եւ այս ծիրէն ներս այսօր աւելի քան յստակ ու բացայայտ է, որ հայութեան համար տարուող աշխատանքները, արաբական աշխարհին բացուելու քաղաքականութիւնը պէտք է ամէն գնով շարունակուին, իրեն մէջ ներգրաւելով նոր ուղղութիւններ եւ նոր նախաձեռնութիւններ։

Ինչ կը վերաբերի ստորեւ ներկայացուած յօդուածին, ապա այն ալ պէտք է տեղադրել նոյն կարեւոր ծիրին մէջ, որն արժանի է ամենայն գնահատանքի։

Նման յօդուածները, ոչ միայն ճանաչողական բնոյթ ունին, այլ նաեւ մեզի ու մեր դատին համար կրնան բանալ նոր ճանապարհներ, եւ անոնց շնորհիւ է նաեւ, որ յաւերժօրէն ամուր եւ անշեղ պիտի մնան հայ-արաբական, փոխադարձ յարգանքի եւ մարդկային արժանիքներու վրայ կառուցուած եւ դարերու կեանք ունեցող յարաբերութիւնները։

 

Հայերը... Բացառիկ Ըլլալու Ոգին

 

«Եգիպտացիներու սէրը հանդէպ հայերուն օրըստօրէ կ’աճի անկախ ամէն տեսակի դէպքերէ եւ զարգացումներէ։ Միւս կողմէ, եգիպտահայերը ամուր կապեր պահպանելով Եգիպտոսի հետ, ժամանակի ընթացքին փաստած են, թէ իրենք ալ եգիպտացիներուն նման հաւատարիմ են այդ երկրին»։

Եգիպտացի յօդուածագիր՝ Մուսթաֆա Օպէյտ օրերս ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է «Ալ Արապ» կայքին մէջ։ Յօդուածի հեղինակը մասնաւորապէս նշած է, որ Եգիպտոսի հանրային կարծիքը յաղթահարած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն ու պատմութեան խեղաթիւրումը։

 

Գահիրէ

 

Ըստ հեղինակին բնաւ ալ զարմանալի չէ,, որ անցնող Ապրիլին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած փառաւոններու հրապուրիչ «Ոսկեայ շքերթ»ի ձեւաւորողը ըլլար եգիպտահայ արուեստագէտ՝ Քարիմ Մխտիկեանը։ Զարմանալի չէր նաեւ, որ անկէ օրեր առաջ, Տուպայի մէջ տեղի ունենար քանդակագործ, եգիպտահայ՝ Արմէն Յակոբի գործերու «Պարզութիւնը բարդ է» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր քանդակագործը ներկայացուցած էր բացառիկ քանդակներ, որոնք կ’արտացոլեն եգիպտական եւ հայկական արուեստներու խառնուրդ մը։ Որովհետեւ Մխտիկեանն ու Յակոբը սոսկ օրինակներ են հայերու տաղանդին, միտքին, եւ ի վերջոյ ստեղծագործելու ունակութեան։ Եգիպտահայ կամ հայ եգիպտացի անուանումները, եգիպտական եւ հայկական ինքնութիւններու միաձուլումն են, որոնք անպայմանօրէն կ’արտայայտեն գեղեցկութիւն, հմտութիւն եւ կատարելութիւն։

 

Անհերքելի Հետքեր

 

Անդրադառնալով հայոց ձգած հետքերուն Եգիպտոսի մէջ, հեղինակը մէջբերած է հայոց պատմութեան մասնագէտ՝ Սամիր Զաքիի կարծիքը, որ մասնաւորապէս կ’ըսէ.- «Հայերը սերունդներու ընդմէջէն յաջողած են անառարկելի հետքեր ձգել Եգիպտոսի կարգ մը արուեստներուն վրայ, դառնալով գեղեցիկ ու կատարեալ ստեղծագործութեանց մարմնացումը»։ Մասնագէտին համաձայն, հայերու դէպի գերազանցութիւն ձգտումի պատճառը ձեւով մը հակազդեցութիւնը եղած է անոնց կրած տառապանքներուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ զիրենք բնաջնջելու ու կոտորելու փոր- ձերուն։ Հայերը իրենց իւրայատուկ արուեստի գործերով աշխարհին ցոյց կու տան, որ հայը ցեղասպանութենէն զօրաւոր է։

 

Համակեցութեան Ժառանգ

 

Լրագրողը նաեւ վկայութիւններ ներ-կայացուցած է եգիպտացի տարբեր պատմաբաններէ։

Ան այս առումով ներկայացուցած է Տամանհուր համալսարանի պատմագիտութեան դասախօս՝ Մոհամմէտ Ռիֆաաթ Ալ Իմամի խօսքերը։

Ալ Իմամ իր «Հայերը Եգիպտոսի մէջ» ուսումնասիրութեան մէջ կը հաստատէ, որ հայերը Եգիպտոս գաղթած են 14-րդ դարուն, եւ Մուհամմէտ Ալի Փաշայի օրօք աւելի մեծ թիւերով փոխադրուած են այստեղ մաս կազմելու անոր արդիականացման ծրագիրներուն, եւ Մուհամմէտ Ալի տարբեր ոլորտներուն մէջ դիմած է անոնցմէ շատերուն, որպէսզի սատարեն իր ծրագիրներու յաջողութեան։ Կարելի է յիշել Պօղոս Եուսուֆեանը, որ ստանձնած էր Եգիպտոսի առեւտրական մատեանը 1819-ին։ Եւ Եգիպտոսի ամենէն ճանչուած եգիպտահայը՝ Նուպար Նուպարեան փաշան, որ գրաւած էր վարչապետի պաշտօն։

Հայերու մեծամասնութիւնը բնակած է Գահիրէի կեդրոնական հատուածները, ուր անոնք կառուցած են հայկական առաջին դպրոցն ու եկեղեցին ու հիմնած հայերու հարցերով զբաղող գրասենեակ մը՝ 1906-ին։ Սակայն Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, հայերուն թիւը Եգիպտոսի մէջ աւելցած է, եւ Փոր Սայիտի մէջ ալ անոնք հիմնած են դպրոց, ապա տարածուած ամբողջ երկրով մէկ։

Արդի Եգիպտոսի կառուցման մէջ ալ հայերը դեր ունեցած են, 20-րդ դարու սկիզբները, անոնք եգիպտաբնակ պելճիքացիներու հետ միասին ձեւաւորած ու կերտած են «Մասր էլ կետիտա» (Հելիոպոլիս) շրջանը, որ կը համարուի Գահիրէի կարեւոր շրջաններէն մին, եւ ուր կառուցած են ճարտարապետական գրաւիչ նմոյշներ։ Հայերը նաեւ մեծ ներդրում ունեցած են արդիւնաբերական տարբեր ոլորտներու մէջ ինչպիսին է՝ տպագրութիւն, կաշուեգործութիւն, մետաղագործութիւն, ժամագործութիւն, լուսանկարչութիւն։ Անոնք նոյնպէս ազդեցիկ դեր ունեցած են մամուլի, թատրոնի ու շարժապատկերի ասպարէզներուն մէջ։ Ըստ Սամիր Զաքիին, ոսկերչութիւնը, որուն կը տիրապետէին հրեաները, վերջիններուս արտագաղթէն ետք, պահպանուեցաւ ու զարգացաւ շնորհիւ հայերուն։

Այս բոլորին առընթեր, զարմանալի չէ որ եգիպտահայերը Եգիպտոսի լիարժէք քաղաքացիներ են, եւ հպարտ են իրենց պատկանելիութեամբ։ Անոնք կը տիրապետեն արաբերէն լեզուին, միաժամանակ պահելով իրենց մայրենին։

Հեղինակը մատնանշած է, որ Եգիպտոսի հասարակութիւնը իր կարգին, իր հիւընկալութեամբ, զանազանութեամբ ու պարզութեամբ պարարտ հող եղած է ընկալելու հայերու տաղանդն ու վարպետութիւնը։ Եգիպտացիք ազդուած են հայերու զուարթ բնաւորութենէն, բնութեան հանդէպ սէրէն, ապրելու հաստատակամութենէն, եւ աւելին՝ նորութեան ու արդիականութեան անոնց շարունակական ձգտումէն։ Թերեւս հայերուն եւ եգիպտացիներուն իրարանման բնաւորութիւններն ալ առիթ հանդիսացած են յաւելեալ համերաշխութեան։

 

Կերպարուեստի Ոլորտը

 

Լրագրողը նոյնպէս խօսած է եգիպտահայ համայնքի երեւելի անձնաւորութիւններու հետ։ Ան այս առումով ներկայացուցած է կարծիք Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ բժ. Արմէն Մազլումեանէն, որ մասնաւորապէս ըսած է «Իւրայատուկ յարաբերութիւնները պարզապէս շարունակութիւնն են երկու ժողովուրդներու կանուխ հանդիպման, ժողովուրդներ որոնք ունին ներողամտութեան ուժ եւ սէր հանդէպ ստեղծագործութեան ու արուեստի։ Եւ այս զոյգ մշակոյթներու միաձուլումը պատճառ հանդիսացած է, որ երկուստէք ստեղծուին ուշագրաւ նմոյշներ արուեստի տարբեր ոլորտներուն մէջ»։

Անդրադառնալով Եգիպտահայ համայնքի Եգիպտոսի կերպարուեստի ոլորտին մէջ ունեցած մեծ դերին, քննադատ՝ Ալի Համէտ յիշած է՝ Երուանդ Տէմիրճեանի անունը, որ 20-րդ դարու սկիզբները դիմանկարներու նկարիչ էր, նաեւ Տիրան Կարապետեանի, Պարոյր Պարտէզեանի, Բիւզանդ Կոճամանեանի, Օննիկ Աւետիսեանի, Գրիգոր Մկրտիչեանի, Սաթենիկ Չաքըրի անունները, որոնք մեծ աւանդ թողած են կերպարուեստի ոլորտէն ներս։

Իսկ ծաղրանկարչութեան ոլորտին մէջ, Ալեքսանտր Սարուխան կը նկատուի ամենէն հռչակաւոր ծաղրանկարիչը Եգիպտոսի մամուլին։ Ալի Համէտ նշած է, թէ հայ կերպարուեստը բնորոշող վառ գոյները, երգիծական երանգ- ները, պարզութիւնը, թերեւս պայքարի արտայայտութիւն են ընդդէմ հայերու ապրած մեծ ողբերգութեան։

Հայ արուեստագէտները սատարած են նաեւ ընկերային շարժումներու՝ ներկայացնելով քաղաքակիրթ ու ազատագրուած կինը, խթանած են կիներու իրաւունքները պահանջող շարժումը, որ հասունցաւ մանաւանդ 1952-ի յեղափոխութենէն ետք։

 

Խեղաթիւրելու

Ձախողած Փորձեր

 

Օպէյտ նաեւ գրած է, որ 70-ականներուն Եգիպտոսի մէջ ընթացք առաւ կրօնական ծարայեղական հոսանք մը, որ փորձեց խեղաթիւրել հայերու անբիծ կերպարը։ Ծայրայեղ իսլամականները սկսան արդարացնել Օսմանեան կայսրութեան հայոց կոտորածները, բայց եւ այնպէս չկարողացան ժողովուրդին մէջէն վերացնել հայերու ձգած բարութեան ու ազնուութեան տպաւորութիւնը։

Հեղինակը մէջբերած է նաեւ այլ գիտաշխատողներու կարծիքները։ Գահիրէի ընկերային հարցերու ազգային կեդրոնի հետազօտող՝ Ահմէտ Ժալալ Ալ Տին, մատնանշած է, թէ ծագումով հայ շատ մը եգիպտացի արուեստագիտուհիներ իրենց գեղեցիկ հետքը ձգած են եգիպտացի հասարակութեան վրայ ինչպէս՝ Նելլին, Լուպլուպան, Միմի Ժամալն ու երգչուհի՝ Անուշքան։ Իսկ գրական քննադատ Մուսթաֆա Պայյումիի կարծիքով, թէեւ եգիպտական գրականութեան մէջ հարեւանցիօրէն ներկայացուած է հայու կերպարը, բայց երիտասարդ գրողներ իրենց կարգ մը վէպերու հիմքը ընտրած են հայոց մեծ ցաւը (Ցեղասպանութեան խնդիրը խմբ.՝ Ս.Ա), ինչպէս՝ Մայսարա Ալ Տընտրաուի «Վերջին ընթրիքը», նաեւ Ահմէտ Մաժտի Հումամին «Կազմակերպուած մահը»։

Ըստ Օպէյտի՝ հայերուն բերած լու-սաւոր ներդրումին շնորհիւ, եգիպ- տացիներու մտքին մէջ կը շարունակէ անթեթուած մնալ հայու դրական կերպարը իր յարաճուն կամքով, տոկունութեամբ եւ մանաւանդ եզակիու- թեամբ։

 

 

 Թարգմանութիւնը ՝ Թ.Գ. եւ Սագօ  Արեան