Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 5 դեկտեմբերին աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած են պատուիրակութեան հանդիպումները Ֆրանսայի Հանրապետութեան Սենատի բոլոր խորհրդարանական խումբերու ղեկավարներու եւ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու պատասխանատուներու հետ։
Հանդիպման քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախ-Ֆրանսա կապերուն եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացման:
Խօսելով Ֆրանսայի, մասնաւորապէս, անոր օրէնսդիր մարմնի հետ յարաբերութիւններու զարգացման հարցով Արցախի շահագրգռուածութեան մասին՝ նախագահը բարձր գնահատած է Սենատի եւ Ազգային ժողովի հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման:
«Ֆրանսիայի Սենատի եւ Ազգային ժողովի կողմից Արցախի վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւերը լաւ հիմք են Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան համապարփակ եւ հաստատուն կարգաւորման համար։ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը եւ այդ իրաւունքի իրացման արդիւնքների ճանաչումը հակամարտութեան կարգաւորման միակ ճանապարհն է, որը երաշխաւորում է Արցախի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան պատշաճ մակարդակի ապահովումը»,- ընդգծած է Արայիկ Յարութիւնեան։

Շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանականներուն բանաձեւերու ընդունման համար՝ երկրի ղեկավարը նշած է, որ այդ որոշումները քաղաքական ուղերձ են եւ լիովին կը համապատասխանեն Ֆրանսայի քաղաքական աւանդոյթներուն՝ հիմնուած ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներու վրայ։ Նախագահի խօսքով՝ հիմա առաւել կարեւոր խնդիր է այս քաղաքական ուղերձները իրականութիւն դարձնելը, անոնց իրական ուժ տալը։ Այդ ծիրէն ներս նախագահը յոյս յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքներն աւարտին կը հասցուին Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան կողմէ, որ թոյլ կու տայ կանխել հայերու նոր ցեղասպանութիւնը իրենց հայրենիքի մէջ:
Երկրի ղեկավարը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու կողմէ բանաձեւերու ընդունումը, որոնցով կոչ կ'ըլլայ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, օրինակ կը ծառայէ աշխարհի այլ երկիրներու համար։
Արայիկ Յարութիւնեան ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող յետպատերազմեան իրավիճակը: Մասնաւորապէս, ան նշած է, որ Արցախը կապուած է Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ միայն մէկ ճանապարհով՝ 5 քմ լայնութիւն ունեցող Լաչինի միջանցքով: «Ատրպէյճանը ցանկանում է կտրել այդ միակ եւ վերջին կապը արտաքին աշխարհի հետ՝ խեղդամահ անելով Արցախը: Մենք ցանկանում ենք, որ Լաչինի միջանցքն ունենայ լրացուցիչ միջազգային երաշխիքներ Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ Արցախի կապն անխափան ապահովելու համար», -ըսած է նախագահը:
Արցախը, ըստ երկրի ղեկավարի, կ'ակնկալէ Ֆրանսայի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը նաեւ մարդասիրական ծրագրերու կեանքի կոչման, գերութեան մէջ գտնուող հայերու վերադարձման եւ Ատրպէյճանի բռնազաւթած տարածքներուն մէջ վտանգուած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը փրկելու գործին:
Հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանը։
Այցի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ այլ հանդիպումներ: