Տղամարդը մոխրամանով հարուածած է շտապօգնութեան աշխատակցի դէմքին՝ պատճառելով գանկուղեղային վնասուածք։ Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ-էն: Դէպքը տեղի ունեցած է Շիրակի մարզի մէջ: Կասկածեալը ձերբակալուած է։
«Փետրուարի 21-ին, ժամը 06:40-ին, ոստիկանութեան Շիրակի մարզի օպերատիւ կառավարման կեդրոն շտապօգնութիւնից ահազանգ է ստացուել, որ գանգուղեղային վնասուածքով Ազատան բնակավայրից «Գիւմրի» բժշկական կեդրոն է տեղափոխուել 31-ամեայ բուժակը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Համայնքային ոստիկանութեան Ախուրյանի բաժնի դաշտային խումբը դէպքի վայրին մէջ պարզած է, որ ժամը 05:10-ի սահմաններուն շտապօգնութեան անձնակազմը կանչով մեկնած է Ազատան բնակավայրի 28-րդ փողոցի տուներէն մէկը՝ 75-ամեայ քաղաքացիին օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Այդ ընթացքին տան որդին՝ 44-ամեայ տղամարդը, յարձակած է բուժաշխատողի վրայ եւ մոխրամանով հարուածած անոր դէմքին, որու հետեւանքով վերջինս ստացած է մարմնական վնասուածքներ։