image

Բազմաշերտ Կարօտ

Բազմաշերտ Կարօտ

 28 Սեպտեմբեր, 2021- ին՝ աշնանային ամպոտ օր մը, հրաժեշտ տուի իմ սիրելի ծննդավայրիս՝ Պէյրութին, հետս վերցնելով երկու ճամբորդական պայուսակ եւ երկուքի կիսուած սիրտ մը: Թէ պայուսակներս ի՞նչ կրնային պարունակել, դիւրին է կռահելը, իսկ կիսուած սիրտիս ցաւը՝ դժուա՜ր ...:

Կեանքս, որ յագեցած էր Միջերկրականի ջուրերով, համեմուած անոր աղով ու թրծուած իր տաք աւազով, բերի մկրտելու խաղաղականի ջուրերով, որը իսկութեան մէջ անխաղաղ է ու սառն: Իմացայ, որ գոյատեւելու համար հարկաւոր է նոր ինքնութիւն եւ նոր չափանիշներու որդեգրում: Պայման է, որ նոր երկնակամարին օդը շրջի թոքերուս մէջ, նոր որակի արիւն հասնի սիրտիս, որպէսզի կարենամ հաշտ ապրիլ հոգիիս մէջ ծաւալող կարօտին հետ:

Ամէնօրեայ դրութեամբ ժամ մը կը քալեմ, ընկերակից ունենալով նախասիրած երգացանկս, որ մերթ զուարթացնող է ու մերթ յուզող: Միեւնոյն ատեն այնքա՜ն հնչեղ ու ազդու է, որուն խազերուն մէջ կը խլանան հոգիիս աղմուկը...: Սա այն պահն է երբ ներաշխարհիս հետ կը նոյնանամ ամենայն անկեղծութեամբ...: Շուրջս տարածուող  բնութիւնը հրաշալիօրէն գեղեցիկ է, բայց զարմանալիօրէն օտար: Ամէն բան իր կատարելութեան մէջ անկատար կը թուի...: Խորթ անդորր մը կը տիրէ, որուն մէջ կը փորձեմ լսել աղմուկը՝ երբեմնի կեանքով լեցուն թաղերուն, ուր աջ ու ձախ բարեւները ժպիտներով յագեցած էին:

Քայլերս կ՚երթան հեռուն՝ յուշերուս ուղիներով եւ սրընթաց կայծակի արագութեամբ կը հասնիմ ծննդավայրս, ուր կարօտս դէմքեր կ՚առնէ՝ յստակ, բարի ու հարազատ: Ահա կը տեսնեմ տանս ճաշասեղանին նստած երիտասարդը՝ կենսուրախ, սրամիտ ու կատակասէր: Առջինեկս է՝ իսկական Սեւակ, սեփ սեւ փայլուն աչքերով, որուն հետ Քառասուն տարուան քացրը ու դառնը կը կիսեմ...:

Վրայ կը հասնի դուստրս՝ Դալարը, յստակօրէն կը նկարագրէ Լիբանանցիին դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու ցաւերը: Սիրտս կը հալի…, բայց բոլորին նման ես ալ պայքարի զրահը կը հագուիմ, ձեռքիս մէջ ունենալով սոսկ աղօթք մը, որպէս անխորտակելի վահան...: Քայլերս տանս սենեակները կը շրջին, որոնք մատնահետքերս  ու տարիներուս դրոշմը կը կրեն։ Տանս պատերուն ամրացուած գեղանկարները՝ ապրուած կեանքի մը պատմիչներն են: Ամէն մէկ շրջանակ դէպք մը կը պատմէ, ժամանակ մը կը յուշէ եւ վայր մը կը գծէ: Ամէնուր մասնիկ մը ձգած եմ իմ էութենէս...: Հոս Դամասկոսի նեղլիկ թաղերն են, ուրկէ կը բուրէ բաղնիքներէն ճարճատող՝ փայտին հոտը, իսկ աւազաններով բակերը՝ տօնական տրամադրութիւն կը ցայտեն: Այստեղ Հայաստանն է՝ բերած եմ Սարեանի պարտէզէն, արուեստի վրձինով հիւսուած՝ ազգագրական տարազներով կանայք: Իսկ սա՛ Արարատը, թէեւ աւելի գեղեցիկ ու գունագեղ է, քան գրաւեալ կողմը, բայց միտքիս մէջ տպուած է այն, որուն կատարները լերկ որբուկներու նման նստած են օտարին «տան» մէջ: Ահա սա՛ կտաւեայ պաստառը, արուեստագէտ Մկրտիչ Ասլանեան Ծիրացիի, գործն է, ուր Մխիթար Հերացիին առաքելութեան ու կերպարին հետ, համադրած է բժիշկ ամուսինիս դէմքը, որուն անժամանակ հեռանալը անմխիթար տրտմութիւն պատճառեց սրտիս: Այս զոյգ ձիերուն իւղանկարը շալկած կը քալեմ Հռոմի լայն պողոտաներով, հմայքով կը դիտեմ հսկայ պատմական կառոյցները եւ Դրեւի ցայտաղբիւրին մէջ քանի մը մանրադրամներ կը նետեմ ու պաղատագին բացարձակ առողջութիւն կը խնդրեմ ...: Սա շրջանակին մէջ կը պատկերուի Եգիպտոսի հզօր ու անսասան բուրքերը, կողքը հերոգլիֆի տառերով արձանագրուած՝ Կարօ ու Սիլվա անունները: Ո՞ր մէկ պաստառը պակաս կը յուզէ՝ Փարիզեան Նոթր Տամն ու Էյֆէլը՞, Սիտնիի տեսարժան վայրերը՞, Բրակի Չարլզ կամուրջը՞...

Երկա՜ր պտոյտէս յոգնած կը նստիմ, աչքերս յառած գրադարանին մէջ տեղադրուած  բազմաթիւ գիրքերուն, որոնց տէրը ամբողջ կեանքին ընթացքին գուրգուրանքով հաւաքած է, բայց ակամայ լքած ու հեռացած է: Իրեր այլազան՝ երաժշտական գործիքներ, երգարաններ, տեսերիզներ, գնահատական յուշատախտակներ..., ամէն մէկը՝ ճչացող ցաւ, ճակատագիրի ափսոսանք ու անհուն կարօտ:

Ահա ականջիս երգ մը կը հնչէ՝ Էլվիս Բրիսթլիէն, որ կ՚ըսէ.« Մինակ ե՞ս այսօր, կը կարօտնա՞ս զիս այսօր...» ու անդիմակ հոգի մը ձեռքէս բռնած, կը տանի զիս հոն, ուր առաջին սէրս կը տեսնեմ: Կը պարենք գրկախառն՝ մեղեդի մը, որուն աւարտը մինչեւ օրս չեմ լսեր..:

Պատշգամէն ներս փչող կապոյտ ծովու քամին դէմքս կը շոյէ, կը շոգիացնէ այտերէս վար սահող արցունքի տաք կաթիլները ու ակամայ կը սթափիմ...: 

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...