image

Բարդոյթը կը ծնի անհանդուրժողականութիւն. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Բարդոյթը կը ծնի անհանդուրժողականութիւն. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Ինչ լաւ է որ Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը քա­ջու­թիւնը ու­նի այս տե­սակի սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց ան­շեղ մնա­լով իր ժո­ղովուրդի կամ­քի երաշ­խա­ւորը դառ­նալու։

Ամօ­թով կը յի­շենք նաեւ թէ ան­ցեալին մեր այդքան սի­րելի Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարքն իսկ պե­տու­թեան հա­ճելի թո­ւելու մար­մա­ջով յայ­տա­րարած էր թէ հա­յերը եւս չեն ճանչնար Յու­նաց Պատ­րիար­քի «տիեզե­րական» կո­չու­մը։

Այդ օրէն ետք նոյ­նիսկ կարգ մը մա­մուլ խու­սա­փեցան այդ տիտ­ղո­սը գոր­ծա­ծելէ, չհա­կասե­լու հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի կողմնո­րոշ­ման։

Պե­տու­թիւնը ու­նի իր կամ­քը պար­տադրե­լու կա­րողու­թիւնը։ Զատ բան է թէ նման պար­տադրանք երկրին նպաստ կը բե­րէ, թէ վնա՞ս։

 

 

 

Թուրքիոյ մէջ եր­կա­րապա­տում առեղ­ծո­ւած մըն է Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քի կո­չու­մը։ Երկրի կա­ռավա­րու­թիւննե­րը ընդմիշտ ան­հանգիստ եղած են Յու­նաց Պատ­րիար­քին շնոր­հո­ւած «տիեզե­րական» կո­չու­մէն։ Սի­րած են պնդել թէ ան Ֆա­թիհի գա­ւառա­պետին են­թա­կայ հո­գեւոր կա­ռոյց մըն է եւ այդքա­նը միայն։ Բայց մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիարքը կը վա­յելէ շատ աւե­լի բարձր պա­տիւ եւ կ՚ըն­դունո­ւի պե­տական ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կով։

Այս պատ­կե­րը կրկնո­ւեցաւ, երբ Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը մաս­նակցե­ցաւ 15-16 Յու­նիս թո­ւական­նե­րուն Ուկրաինա­յի խա­ղաղու­թեան հե­ռան­կա­րով գու­մա­րուած մի­ջազ­գա­յին ժո­ղովին։

Թուրքիոյ մէջ գրա­ւոր մա­մու­լի սիւ­նակնե­րուն վրայ ան­գամ մը եւս հնչեց ան­հանդուրժո­ղական ելոյթներ։ Ոմանք իբ­րեւ նո­ւաս­տա­ցում կրկին ան­գամ յի­շեցու­ցին թէ ան են­թա­կայ է Ֆա­թիհի գա­ւառա­պետին եւ եր­բե­ւիցէ իրա­ւունք չու­նի մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նագ­րի մը տակ ստո­րագ­րե­լու, մա­նաւանդ ալ «Տիեզե­րական Պատ­րիարք» կո­չու­մը գոր­ծա­ծելով։

Նախ նշենք որ պատ­րիարքնե­րու կո­չումնե­րը կը սահ­մա­նուին ո՛չ թէ պե­տու­թիւննե­րու նա­խասի­րու­թեամբ, այլ հա­մաշ­խարհա­յին եկե­ղեցի­ներու դա­րաւոր ան­ցեալ ու­նե­ցող աւան­դութիւննե­րու հի­ման վրայ։

Ճիշդ է որ պե­տու­թիւններ իրա­ւասու են իրենց երկրի սահ­մաննե­րէ ներս գոր­ծող բո­լոր կա­ռոյցնե­րու աշ­խա­տան­քը երաշ­խա­ւորե­լու կամ ալ ար­գի­լելու ըն­թացքին մէջ։

Ար­դա­րեւ ասո­րինե­րու, Ան­տիոքի եւ շրջա­կայ­քի ուղղա­փառ­նե­րու կամ քաղ­դէացի­ներու հո­գեւոր առաջ­նորդու­թիւննե­րը վտա­րուած են երկրէն Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մին յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն։ Իսկ մնա­ցող­նե­րը յու­նաց կամ հա­յոց պատ­րիար­քա­րան­նե­րը մին­չեւ օրս զուրկ են իրա­ւական հան­գա­ման­քով մը ներ­կա­յանա­լէ։

Ամէն ան­գա­մուն որ օրա­կար­գի կու գայ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը, Նա­խարա­րած խոր­հուրդը այդ ար­տօ­նու­թիւնը կը շնոր­հէ «Միայն մէկ ան­գամ» սահ­մա­նափա­կու­մով։ Չար­տօ­ներ որ սո­վորա­կան գոր­ծընթա­ցի մը վե­րածո­ւի պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը։ Այսպէ­սով պե­տու­թիւնը ընդմիշտ իր վրայ կը պա­հէ ընտրու­թեան թոյլտ­ւու­թեան կամ ար­գելք ըլ­լա­լու առի­թը։ Երկրի հայ հա­մայնքը դժբախ­տա­բար մատ­նուեցաւ այդ կա­մայա­կան որո­շումնե­րուն եւ պե­տու­թեան ցան­կութեան հա­մապա­տաս­խան կեր­պով սահ­մա­նափա­կեց հա­ւանա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը պար­տադրե­լով չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտրել։

Այդ պար­տադրան­քին յօ­ժարի­լը ինքնին պա­տուազրկու­թիւն մըն էր ամ­բողջ հա­մայնքի մը հա­մար, բայց յի­շենք այդ օրե­րը, իբ­րեւ թէ ող­ջա­միտ մտա­ծում թէ կար­գա­դիր յանձնա­խումբը, թէ թա­ղական­ներ կամ հո­գաբար­ձունե­րու փա­ղան­գը դիւ­րաւ հա­մակեր­պե­ցան պար­տադրան­քին վա­խենա­լով թէ չըլ­լայ որ քա­նի մը տա­րի եւս առանց պատ­րիար­քի մնանք։

Ինչ լաւ է որ Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը քա­ջու­թիւնը ու­նի այս տե­սակի սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց ան­շեղ մնա­լով իր ժո­ղովուրդի կամ­քի երաշ­խա­ւորը դառ­նալու։

Ամօ­թով կը յի­շենք նաեւ թէ ան­ցեալին մեր այդքան սի­րելի Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարքն իսկ պե­տու­թեան հա­ճելի թո­ւելու մար­մա­ջով յայ­տա­րարած էր թէ հա­յերը եւս չեն ճանչնար Յու­նաց Պատ­րիար­քի «տիեզե­րական» կո­չու­մը։

Այդ օրէն ետք նոյ­նիսկ կարգ մը մա­մուլ խու­սա­փեցան այդ տիտ­ղո­սը գոր­ծա­ծելէ, չհա­կասե­լու հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի կողմնո­րոշ­ման։

Պե­տու­թիւնը ու­նի իր կամ­քը պար­տադրե­լու կա­րողու­թիւնը։ Զատ բան է թէ նման պար­տադրանք երկրին նպաստ կը բե­րէ, թէ վնա՞ս։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»