Երէկ գիշեր բախումներ գրանցուած են Պէյրութի քրիստոնէաբնակ Տորա շրջանին մէջ։
Վէճը ծագած է ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով եւ վերածուած է ծեծկռտուքի այդ շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներուն եւ տեղի բնակիչներուն միջեւ։
Կը նշուի նաեւ, ծագած վէճէն եւ եղած ծեծկռտուքէն ետք սուրիացի փախստականները, որոնք աշխատակից են այդ թաղին մէջ գտնուող կարի արտադրամասին մնացած են պաշարման տակ։ Իսկ աւելի ուշ ապահովական մարմիններ շրջան հասնելով դուրս բերած եւ աւելի ապահով տեղեր փոխադրած են սուրիացիները։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Պէյրութի զանազան թաղամասերուն մէջ, մինչեւ առաւօտեան ժամեր մասնակի լարուածութիւն տիրած է։
Ի դէպ սուրիացիներուն հանդէպ լարուածութիւնը նոր չէ շրջանին մէջ, եւ այն կապ ունի սոցիալ ընկերային պայմաններուն հետ։
Ըստ վերջերս հրապարակուած ցուցանիշներուն Լիբանանի բնանկչութեան 42 տոկոսը սուրիացիներ եւ եւ քիչ են այն կողմերը, որոնք կը զգուշացնեն, որ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է եւ կրնայ ընթացք տալ ներքին-քաղաքացիական բախումներու։
Լուր համադրաբար՝ «Արեւելք»էն
Բախումներ եւ լարուածութիւն Պէյրութի Տորա շրջանին մէջ @arevelk1 pic.twitter.com/gbApW2BvsL
— arevelk.am (@arevelk1) October 6, 2023