Ոստիկանները թոյլ չեն տուած, որ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը երթայ Տաւուշի մարզի Կիրանց բնակավայր։
«Ես գիւղի բնակիչ եմ, ես թեմի առաջնորդն եմ, ես հանգիստ գնալու եմ գիւղ, մարդկանց տեսնեմ, վերադառնամ»,–ըսած է սրբազանը։
Մարզի ոստիկանապետ Արթուր Մկրտչեանն ի պատասխան յիշեցուցած է ԱԱԾ–ի յայտարարութիւնը եւ աւելցուցած, որ բացի գիւղի բնակիչներէն, ոչ ոք կրնայ մուտք գործել Կիրանց։
«Դուք գիւղի բնակիչ չէք, չի թոյլատրւում, անգամ պատգամաւորները չեն անցել, չի կարելի, սրբազան»,– ըսած է ան։
Թեմի առաջնորդն ալ յայտարարած է, որ պիտի մնայ այնքան, մինչեւ իրեն ներս թողեն։
«Բաւարար չէ, որ հակասահմանադրական յանցագործութիւն են կատարում, հիմա էլ մեր շարժն են արգելում»,– ըսած է սրբազանը լրագրողներուն։
Բագրատ արքեպիսկոպոսը կոչով դիմած է Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանին, որ հրահանգէ ոստիկաններուն, եւ ճանապարհը բանան իր առջեւ։