Մարդիկ խե՞նթ կը ծնին, թէ ժամանակի ընթացքին խենթ կը դառնան... արդէն քանի մը օրէ ի վեր այս հարցը կը չարչրկէ միտքս. մարդը ի՞նք հակումներ կ՚ունենայ դէպի խելագարութիւն, թէ կեանքի փորձառութիւնները կը ստեղծեն այդ հոգեվիճակը անձի ներաշխարհէն ներս: Այս բոլորը մարդկային կեանքի առեղծուածն են, որովհետեւ մարդու բնութիւնը անհասկնալի է այնքան՝ ինչքան աներեւոյթի գոյութիւնը: Սակայն շատ աւելի առեղծուածային է իմաստուններու ժամանակի ընթացքին մտային անունակութեամբ տառապիլը մանաւանդ երբ պայքարի մէջ են հոգին եւ միտքը՝ որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն:
Մարդ արարածը անշարժ պատկեր մը չէ. անոր իւրաքանչիւր հոգեվիճակն ու արարքը արդիւնքն ու հետեւանքն են տարբեր փորձառութիւններու, միջավայրի ազդեցութեան, որոնց փոխազդեցութեամբ կը ձեւաւորուի մարդը. կարելի՞ է արդեօք այդ ապրումները կառավարել եւ զերծ մնալ այդ բոլոր ազդեցութիւններէն. կարելի՞ է կանխել ապագայ խելագարութիւնը եւ կամ գուշակել: Բազմաթիւ բժիշկներ կը պնդեն, որ խելագարութեան մէջ մեծ դեր ունի ընտանեկան ժառանգական կենսաբանութիւնը, սակայն կը տեսնենք պարագաներ, որոնք ամբողջութեամբ յատուկ են եւ ժառանգութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունին. ի՞նչ է պատասխանը այս հանելուկին:
Այս բոլորին մասին սկսայ մտածել, երբ կարդացի հայ գրողներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի 1 ապրիլ 1880 թուականին Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանին գրած վեց էջանոց նամակը, որ առանձին լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, «Ա. Ազատախոհեան» ծածկանունով: Այդ նամակին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ տողը.- «... այսպէս եթէ շարունակուի, մօտ օրերս պիտի գուժեն, Սրբազան Հայր, թէ յիմարանոց է տարուած Ձեր նախկին սան, Ձեր որդին... անարժան: Պիտի հրճուի՞ք յայնժամ...»:
Տարօրինակ է չէ՞, որ տարիներ ետք յիմարանոց տարուող մտաւորական մը կը գուշակէր իր խելագարութիւնը. զուգադիպութի՞ւն, թէ գիտակցուած տողեր. չե՛նք գիտեր: Գրուած նամակէն պարզ է, որ մեծ մտաւորականը տանջող բազմաթիւ երեւոյթներ գոյութիւն ունէին. եթէ նամակը ամբողջութեամբ կարդաք, իրաւունքը պիտի ունենաք Եղիա Տէմիրճիպաշեանը կոչել «Ազգային խենթ», որովհետեւ անոր տողերէն յստակ է, որ իր հոգին ու միտքը չարչրկողը ազգային կեանքն ու հայու դաստիարակութիւնն է, որովհետեւ ան կը հաւատար, թէ ազգը «հայ մանկտւոյն դաստիարակութեան նկատմամբ կը մնայ անհոգ, անտարբեր, որ ի բաց կը մերժէ կրթական պաշտօններէ լրջամիտ անձեր»:
Այս մէկը լուրջ խնդիր մըն էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանի համար եւ ինք այս նիւթին կարեւորութիւնը առաջին անգամ չէր բարձրացներ. հայկական դպրոցները մտաւորականին բառերով կը փորձէին «կապիկի նման կ՚ընդօրինակէին» եւրոպական եւ կամ ամերիկեան դպրոցները, առանց ունենալու գիտակցութիւնը, թէ ինչ է ճիշդ դաստիարակութեան ձեւերը. այդ ձեւերուն մասին ազգային խենթը բազմիցս խօսած էր, սակայն ինչպէս ինք ազգին ղեկավարներուն կ՚ըսէ. «ականջ ունիք եւ ոչ լսէք, սիրտ ունիք եւ անզգայ էք...»:
Այս երեւոյթը կը զայրացնէր ազգային խենթը. ան իր այդ ապրումները կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով. «...յայնժամ յուսահատեցայ. յայնժամ զարմացայ, յայնժամ զայրացայ: Եւ երկու ձեռքերս եւ երկու ոտքերս գետին զարկի հազար անգամ». սակայն ազգային խենթը յանձնուող չէր. ի՛նք կ՚ուզէր ամէն ձեւ յաջողեցնել իր նպատակը եւ ազգային դաստիարակութիւնը իր լաւագոյն վիճակին հասցնել. սակայն կեանքի պայմանները, ինչպէս ամէն գրողի մօտ, իր մօտ եւս արդար չէին. մի՛շտ ջղային ու տխուր վիճակ մը ունէր Եղիա Տէմիրճիպաշեան. ան իր նամակին մէջ հարց կու տայ Ներսէս Պատրիարքին՝ ըսելով. «Գուցէ տեսած էք իմ լացս։ Կը յիշէ՞ք օր մը տեսած ըլլալ ծիծաղս»։ Մտաւորականին բառերով՝ այս բոլոր ապրումները «տրտմութեան թոյն շինեցին» իր հոգիին մէջ. ըմբոստացած կ՚աւելցնէ. «ահա այդ թոյնն է, որ կը թափեմ գրուածներուս մէջ: Եւ այդ թոյնով պիտի թունաւորուիմ եւ թունաւորեմ, սպաննուիմ եւ սպանանեմ... ազգս եթէ չը փութաք ազատել զիս, եւ ազատել ազգն իմ եւ Ձեր»:
Այս նամակին նպատակն էր, որ Պատրիարքը հայկական հարցին կողքին լուրջ աշխատանք տանէր նաեւ կրթութիւնը զարգացնելու՝ բանալով բարձրագոյն դպրոցներ, արուեստանոցներ եւ հայրենեաց լուսաւորութեան հնոցներ. այս բոլորը Եղիա Տէմիրճիպաշեան կ՚ուզէր այնպէս՝ ինչպէս մայր մը պիտի ուզէր իր մահամերձ զաւակի բժշկութիւնը. իր բառերով այն այս բոլորը կ՚ուզէր «յանուն անցեալ եւ ապագայ սերնդոց, յանուն հայութեան եւ մարդկութեան, աղերսելով, սպառնալով, արիւն արտասուք թափելով եւ դաշոյն ցուցընելով...»:
•շարունակելի…
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս