image

Ազատ արձակուած պաղեստինցի քաղբանտարկեալները վերադարձած են Ռամալլա եւ Կազա

Ազատ արձակուած պաղեստինցի քաղբանտարկեալները վերադարձած են Ռամալլա եւ Կազա

Խումբ մը պաղեստինցիներ, որոնք Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած են «Օֆեր» բանտէն, ժամանած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի կեդրոնական մասը գտնուող Ռամալլա քաղաք:

Աս մասին հաղորդած է Al Jazeera-ն։

Բացի այդ, ազատ արձակուած բանտարկեալներու եւս մէկ խումբ ուղեւորուած է Կազայի հատուած, որոնց 38 հանրակառքերով տեղափոխած են պաղեստինեան անկլաւ, հաղորդած է The Guardian-ը։

Աւելի վաղ Reuters հաղորդած էր, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հաստատուած համաձայնութեան շրջածիրէն ներս ազատ արձակման ենթակայ բոլոր՝ 1966, պաղեստինցի քաղբանտարկեալները կը պատրաստուին լքել իսրայէլական բանտերը։

Իսրայէլական ուժերուն կողմէն ձերբակալուած Կազայի 1716 բնակիչներ պիտի տեղափոխուին պաղեստինեան անկլաւի հարաւը գտնուող «Ալ-Նասըր» բժշկական համալիր։ Մնացած 250 պաղեստինցիները, որոնք դատապարտուած են ցմահ ազատազրկման, պիտի ուղարկուին Երուսաղէմ, Արեւմտեան ափ եւ Իսրայէլի սահմաններէն դուրս։ 

13 Հոկտեմբերին Պաղեստինեան «Համաս» արմատական խմբաւորման կողմէն պահուող իսրայէլցի եօթը պատանդ պաղեստինա-իսրայէլական պայմանաւորուածութեան համաձայն պիտի յանձնուի Կազայի մէջ գործող Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան։ 

Ընդհանուր առմամբ պաղեստինեան կողմը պէտք է ազատ արձակէ իսրայէլցի 20 պատանդ։ 

Reuters լրատուական գործակալութեան տուեալներով՝ առանձին գործողութեան շրջածիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ, որ Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան խումբերը Իսրայէլի կալանավայրերուն մէջ պահուող պաղեստինցիներուն պիտի տեղափոխեն Կազա եւ Արեւմտեան ափ։ 

Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան միջնորդութեամբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ զոհուածներու աճիւններու կամ մասունքներու տեղափոխում։