image

Այսօր եւ վաղը Երեւանի «Մեթրո»ն պիտի չգործէ

Այսօր եւ վաղը  Երեւանի «Մեթրո»ն  պիտի չգործէ

Երեւանի մեթրոփոլիթէնը 6 եւ 7 դեկտեմբերին՝ ժամը 11:00-էն 18:00-ն ինկած ժամանակահատուածին, պիտի չգործէ:  Այս մասին կրկին յիշեցուցած են Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մեթրոփոլիթէնէն։

«Այս օրերին Երեւան են ժամանում «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի 20-րդ մրցոյթի պատուիրակութիւններն, որոնց մասնակցութեամբ նկարահանուելու է մեր երկրի պատմութիւնը, աւանդոյթներն ու մշակոյթը ներկայացնող ծրագիր։

Ծրագիրն անցկացուելու է Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոփոլիթէնում։

Նախագծի մանրամասները կը հրապարակուեն առաջիկայում։

Նկարահանումներն անխափան իրականացնելու նպատակով՝ դեկտեմբերի 6-ին եւ 7-ին՝ ժամը 11։00-ից մինչ ժամը 18։00-ն, Երեւանի մեթրոփոլիթէնը չի գործելու»,- գրած է Մեթրոփոլիթէնի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեանը։