«Հայաստան» դաշինքը պիտի մասնակցի կառավարութեան ծրագիրի քննարկման, որպէսզի քօղազերծէ այն ամէնը, ինչ որ կապուած է իշխանութեան հետ։ Այս մասին այսօր՝ 24 Օգոստոսին, Ազգային ժողովի նիստի ժամանակ յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Գեղամ Մանուկեան։
«Մենք անցնող ամիսներին ասել ենք, հիմա էլ համոզուած ենք՝ այս իշխանութիւնը, վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը հողատու է եւ դաւաճան, բայց այս ծրագրի քննարկմանը մասնակցելու ենք, որպէսզի ամբողջովին քօղազերծենք այն»,- նշած է Մանուկեան։
Մանուկեանի ելոյթէն յետոյ իշխանական պատգամաւորները աղմուկ բարձրացուցած են, զոր հանդարտեցուցած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ըսելով․ «Կարծում եմ՝ մեր քաղաքացիները հնչեցուած մեղադրանքին վաղուց պատասխանել են»։