Աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ, նուիրեալ հայրենակիցներ հաստատած են հայագիտական ուսմանց սատարող կրթաթոշակ-ֆոնտեր։
Այս առումով կարեւոր աշխատանք կը տանի Աւստրալահայ մեր հայրենակից՝ Ստեփան Քըրքիաշարեանը, որ ընկերակցելով «Քայիկեան Ֆոնտ»ին, միասնաբար հաստատած են «Հայագիտութեան աջակցող հիմնադրամ»ը, Սիտնիի համալսարանէն ներս։
Քըրքիաշարեան եւ Քայիկեան կրթաթոշակը հիմնադրուած է 2014 թուականին։ Ֆոնտը ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրէ արուեստի եւ ընկերային գիտութիւններու ուսանողներուն եւ ակադեմական անձնակազմին՝ հայագիտութեան բնագաւառէն ներս հետազօտութիւններ կատարելու համար:
Կրթաթոշակի արժէքը $4,000-էն $10,000-ի միջեւ է, որ կ՚որոշուի ընտրող յանձնաժողովին կողմէ։ Ան կը տրուի Մագիստրոսի (Master’s) կամ Դոկտորականի (PHD), արուեստի եւ ընկերային գիտութիւններու ուսանողներուն, 19-րդ դարու կամ աւելի վաղ ժամանակաշրջանի, հայագիտութեան բնագաւառէն ներս հետազօտութիւններ կատարելու համար։ Կրթաթոշակի դիմումնագիրը կարելի է ներկայացնել 14 Ապրիլ 2023-էն 18 Մայիս 2023։
Դիմորդները պէտք է արձանագրուած ըլլան, որպէս Մագիստրոսի (Master’s) կամ Դոկտորականի (PHD) ուսանող Սիտնի Համալսարանի արուեստի եւ ընկերային գիտութիւններու ճիւղերէն մէկուն։
Դիմումները ներկայացնելու համար սեղմել ՝ այստեղ
«Հայագիտութիւն»ը հայ ազգին կամ հայ անհատներու վերաբերող ուսումնասիրութիւնն է, անկախ, թէ անոնք Հայաստանի մէջ են կամ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ու նաեւ իրենց ուսման կիզակէտը հետեւեալ նիւթերն են՝
I. հնագիտութիւն
II. Ճարտարապետութիւն
III. արուեստի պատմութիւն
IV. դասական եւ հին պատմութիւն
V. պատմութիւն, ներառեալ ռազմական պատմութիւն
VI. լեզու եւ մշակոյթ
VII. Լեզուաբանութիւն
VIII. գրականութիւն
IX. միջնադարեան ուսումնասիրութիւններ
X. երաժշտութիւն
XI. ժողովուրդներ
XII. փիլիսոփայութիւն, կամ
XIII. կրօն
Յաջողակ դիմորդին կրթաթոշակ կը տրուի հետեւեալի հիման վրայ եւ ոչ միայն՝
1- Ակադեմական գերազանցութիւն
2- Ինքնակենսագրութիւն
3- Պիւտճէի հիմնաւորում
4- Հետազօտական նախագիծի կամ գործունէութեան ամփոփում
5- Արդիականութիւն եւ նորարարութիւն
6- Մօտեցում եւ մեթոդաբանութիւն
7- Արդիւնք եւ ազդեցութիւն