Օրերս Ծաղկաձորի մէջ կայացած է «Mining Armenia» միջազգային երկօրեայ համաժողովը՝ միաւորելով ոլորտի առաջատար խօսնակները։
Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ներուժի բացայայտման ուղղուած երկօրեայ միջազգային համաժողովը՝ «Mining Armenia Forum»-ը, միաւորած է պետական կառոյցներու, մասնագիտական հանրոյթի, մասնաւոր դաշտի եւ ներդրումային ընկերութիւններու մօտաւոր 200 ներկայացուցիչներ։ Հանրային քննարկումներու, առաջատար ելոյթներու, հարցազրոյցներու ձեւաչափով կատարուող համաժողովին մասնակցած են առաջատար խօսնակներ ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ Մեծն Բրիտանիայէն, Գանատայէն, Ղազախստանէն: Հանքարդիւնաբերութեան հանդէպ հանրային վստահութեան վերականգնման, պետութիւն-մասնագիտական հանրոյթ-մասնաւոր համագործակցութեամբ ոլորտի խնդիրներու բարձրաձայնման եւ լուծման առաջարկներու ներկայացման, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ներդրումային հնարաւորութիւններու քննարկման այս ձեւաչափը կը յաւակնի դառնալ շարունակական։
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան համաժողովի բացման իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Հայաստան որդեգրած է կայուն զարգացման քաղաքականութիւն, որու խնդիրն է ապահովել հաւասարակշռուած տնտեսական զարգացում։ «Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտն ազգային տնտեսութեան մէջ ունի առանցքային մասնաբաժին, այն մեր երկրի արդիւնաբերութեան եւ արտահանման կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկն է: Ոլորտը հանրապետութեան մէջ ունի զարգացման եւ տնտեսական աճի խթանման էական հեռանկարներ։ Այս միջոցառումը լաւ հնարաւորութիւն է ոչ միայն քննարկելու եւ վեր հանելու Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մարտահրաւէրները, զարգացման հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները, այլ նաեւ կայուն, նորարար տեսլական ձեւաւորելու համար»,-ընդգծած է նախարարը:
«Ժամանակակից հանքարդիւնաբերութիւն․ մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ․ Հայաստանի հեռանկարները համաշխարհային տնտեսական համատեքստում» խորագիրով համաժողովի կազմակերպիչը Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութիւնն էր, գլխաւոր հովանաւորը՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը (ԶՊՄԿ)։
«Հայաստանի տնտեսութեան համար հանքարդիւնաբերութիւնը առաջմղիչ եւ հեռանկարային ուղղութիւն է, եւ մեր երկիրն ունի զարգացման, ներդրումներու ներգրաւման, ոլորտի արդիականացման չիրացուած մեծ ներուժ։ Միաւորելով ոլորտի տեղական եւ միջազգային փորձագիտական միտքը՝ մենք կը ցանկանք լուծումներ առաջարկել Հայաստանի մէջ կայուն եւ նուազագոյն վտանգներով հանքարդիւնաբերական գործունէութիւն ծաւալելու համար»,-ըսած է Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան նախագահ, ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեան։
Համաժողովին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութեան։ ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլի ներկայացուցած է Հայաստանի խոշորագոյն հանքարդիւնաբերական ընկերութեան եւ ոլորտի զարգացման տեսլականը։
«Հանքարդիւնաբերութեան զարգացումն այլընտրանք չունի ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ, քանի որ մաքուր ճարտարագիտութեանց անցումը կը պահանջէ աւելի մեծ ծաւալի հանքարդիւնաբերական նիւթերու արդիւնահանում։ Մինչեւ 2050 թուականը ելեկտրական մեքենաներով յագեցուածութեան համաշխարհային նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 80 տոկոսով աւելցնել պղինձի համաշխարհային արտադրութիւնը, ինչ որ, ըստ տարբեր գնահատականներու, կը նշանակէ մօտ 195 պղինձի նոր նախագիծ աշխարհին մէջ»,-նշած է Ռոման Խուտոլի` աւելցնելով, որ ԶՊՄԿ կ'աջակցի համաժողովին ոլորտի միջազգային լաւագոյն փորձն ու նորագոյն զարգացումները Հայաստան բերելու եւ կիրառելու նպատակով:
«Mining Armenia Forum»-ի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է նաեւ եռակողմ յուշագիրի ստորագրութիւն ԶՊՄԿ-ի, ԵՊՀ-ի (Երեւանի պետական համալսարան) եւ ՀՀ ՏԿԵ (Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու) նախարարութեան միջեւ, որով կողմերը կը պարտաւորուին միաւորել իրենց ջանքերը երկրաբանութեան, հանքարդիւնաբերութեան, հանքավայրերու շահագործման, լեռնամետաղագործական, ջրաերկրաբանութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ՝ գիտահետազօտական աշխատանքներ եւ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Միջոցառման աջակցած են նաեւ Հայաստանի հանքարդիւնաբերական միջազգային պալատը, «Կրանթ Թորնթոն» հաշուեքննական եւ խորհրդատուական ընկերութիւնը, «Լիտիան Արմենիա» հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը եւ ՊիՏիՕ հաշուեքննական, հարկային եւ խորհրդատուական ընկերութիւնը։