image

Աւելին

Աւելին

Կեանքի կէտը գլխաւոր՝

Զգայուն սիրտն է մարդու,

Ճոխացած տրոփով համակ,

Ուր քանակը չէ՛ կարեւոր,

Որքան որակն է հարկաւոր։

 

Այո,

Ամէնքը դեռ կը կեղծեն

Սիրտը որպէս խաղալիք,

Բայց յաղթողը միշտ սէրն է,

Ի վերջոյ, սէ՜րն է միայն,

Իսկ տարբերութիւնը սիրոյ

Եւ աւելի սիրողին՝

Աւելին է, աւելի՛ն...

 

Ես ընտրեցի աւելին

Սրտաբեկ հոգւոյս համար,

Որ անուանըս պէս անտես

Գլխաւոր կէտըս սորվիմ,

Պատմութի՜ւնը իմ կեանքիս,

Որ չցաւիմ անցեալիս,

Ու հանգչի միտքըս վաղուայ,

Եւ այսօր՝ խաղա՜ղ ապրիմ։

 

Օր մը, կէսըս եսասէր՝

Սիրտըս ապշանքի մատնեց,

Երբ թունաւոր դաշոյնով

Էութիւնըս արիւնեց,

Սակայն շըւար վիճակիս

Վերջ դրաւ այդ աւելին...

 

Ճիշդ այդ պահուն իմացայ,

Թէ մարդ սիրելու համար

Հարկ չկայ հասկնալու,

Իմանալու ամէն բան,

Խաղալով կէտով կեանքի...

Նոյնիսկ թէ չհամակրիս,

Գուցէ չհամաձայնիս՝

Դեռ կարո՛ղ ես սիրել զայն։

Եւ երբ փորձես՝ կ՚իմանաս,

Թէ կեանքին մէջ անցաւոր,

Նախընտրելի է՝

Աւելի՛ն...

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...