ՀՀ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ գիւղի դպրոցին անմիջապէս դիմաց տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքին մէջ մշտապէս կը հերթապահեն ատրպէյճանական զինծառայողները, որոնք զինուած կը հետեւին դպրոցին, երեխաներուն: Տեղեկութիւնը դիմատետրեան իր էջով յայտնած է «Թաթոյեան» հիմնադրամի ղեկավար, ՀՀ մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան։
«Այս զինուած դիրքն ունի նաեւ տեսախցիկներ, որոնք նոյնպէս հետեւում են մարդկանց տեղաշարժին, ապօրինաբար հաւաքում են անձնական տուեալներ»,– գրած է ան։
Թաթոյեանը նշած է, որ անոնց տեղակայման վայրը մեծ տառերով գրուած է. «Önce vatan»:
««Önce vatan»-ը թուրքական ազգայնամոլական (ընդ որում` թշնամական) հիմնարար լոզունգներից է, որ ստեղծուել է Աթաթուրքի իշխանութեան շրջանում` 1930-ական թթ. եւ նշանակում է «Առաջ հայրենիք» կամ «Նախեւառաջ հայրենիք»»,– մանրամասնած է ան:
Թաթոյեան ընդգծած է, որ այս լոզունգն անմիջականօրէն կապուած է փանթիւրքիզմի հետ: Այն հնարաւոր չի համարեր Թուրքիա ապրող ոչ թուրք ցեղային խումբերու կամ ազգերու ներկայացուցիչներու հաւասարութիւնը թուրքերուն հետ, քանի որ ըստ թրքական ազգայնամոլութեան` հայրենիքին հաւասար կը կարեւորուի նաեւ ազգի՝ ցեղով թուրք միատարր ազգի ստեղծման գաղափարը: Ընդ որում, այս ազգայնամոլութիւնը հիմնուած էր երիտթուրքերու գաղափարաբանութեան՝ փանթիւրքիզմի վրայ եւ ըստ էութեան անոր շարունակութիւնն էր:
Թաթոյեան հարց բարձրացուցած է, թէ ի՞նչ գործ ունի ազգայնամոլական լոզունգը, առաւել եւս ատրպէյճանական անօրինական զինուած տեղակայումը Շուռնուխի դպրոցի անմիջապէս դիմաց: «Պարզ է, որ թիրախաւորում են անգամ երեխաների, փորձում են ահաբեկել ու ճնշում գործադրել մեր երեխաների նկատմամբ: Այն յատուկ արուած է մեծ տառերով ու այնպէս, որ երեւում է երեխաներին: Ակնյայտ է, որ սա արուել է խաղաղ բնակչութեանը յարձակողականութիւն ցուցադրելու համար»,– գրած է ան։
Թաթոյեանի խօսքով` այս ամէնը անգամ մը եւս կը նշանակէ, որ ատրպէյճանական զինուած տեղակայումները ոչ միայն լրջօրէն կը վտանգեն մարդոց ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու կեանքը, այլ նպատակային արարքներով ամէն ինչ կ'ընեն, որ մարդոց, նոյնիսկ երեխաներուն պատճառեն հոգեկան զրկանքներ, անոնց պահեն անհանգստութեան ու լարուածութեան մէջ:
Թաթոյեանը անգամ մը եւս շեշտած է, որ ատրպէյճանական զինուած տեղակայումները պէտք է հեռացուին ոչ միայն ՀՀ ներխուժած տարածքներէն, այլ նաեւ ՀՀ գիւղերու մօտէն ու համայնքներու միջեւ ճանապարհներէն. պէտք է ըլլայ ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի, որպէսզի վերականգնուի մարդոց բնականոն կեանքը: