image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանեան սպառնալիք Հայաստանին. France 24-ի արձագանգը

Ատրպէյճանեան սպառնալիք Հայաստանին.  France 24-ի  արձագանգը

Հանրայայտ «France24» հեռատեսիլային ալիքը լուսաբանութիւն պատրաստած է հայ-ատրպէյճանական լարուածութեան եւ սահմանին տիրող իրավիճակին մասին:

«Ատրպէյճանական սպառնալիքը՝ Հայաստանի սահմաններուն» խորագրով լուսաբանութեամբ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար պատերազմին Ատրպէյճանի դէմ հայկական ուժերու պարտութենէն տասը ամիս անց, Հայաստանը կը տեսնէ, որ իր սահմանամերձ շրջանները Պաքուի կողմէ սպառնալիքի տակ յայտնուած են:

«Ըստ Երեւանի, հարիւրաւոր ատրպէյճանցի զինուորներ 2021 թուականի Մայիսի կէսերուն մուտք գործած են Հայաստանի տարածք, մասնաւորապէս՝ Սիւնիք եւ Գեղարքունիք սահմանամերձ մարզեր:

Իրավիճակը մտահոգութիւն եւ նոյնիսկ խուճապ կ'առաջացնէ Հայաստանի մէջ, յատկապէս սահմանամերձ գիւղերու մէջ, ուր միջադէպերը յաճախակի են», նշուած է լուսաբանութեամբ:

Նաեւ ծրագրի հեղինակները պատմած են սահմանամերձ Շուռնուխի, Ներքին Խնձորեսկի մասին, որոնց բնակիչներուն կեանքը կտրուկ փոխուած է ատրպէյճանական զօրքի յառաջխաղացման եւ անոնց յենակէտերու առկայութեան պայմաններով: