image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ կրնայ անձամբ ներկայ գտնուիլ Իրանի հետ համաձայնագրի ստորագրման. Reuters

Թրամփ կրնայ անձամբ ներկայ գտնուիլ Իրանի հետ համաձայնագրի ստորագրման. Reuters

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ անձամբ ներկայ գտնուիլ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Իրանի հետ համաձայնագրի ստորագրման, եթէ կողմերը յաջողին գործարք կնքել։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Փաքիստանի մէջ գտնուող աղբիւրի։

«Գործընթացը առաջ կը շարժի, եւ բանակցութիւնները նախատեսուած են վաղը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը կրնայ մասնակցիլ անձամբ կամ առցանց տարբերակով, եթէ գործարք ստորագրուի»,– անանուն մնալու պայմանով ըսած է աղբիւրը։

Յիշեցնենք, որ CNN-ը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ ամերիկա-իրանական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ չորեքշաբթի առաւօտեան՝ ապրիլ 22-ին, Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ։ Ըստ հեռուստակայանի՝ ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, իսկ իրանական պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։