Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որով «դատապարտած է 27 յունուար 2023-ին Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան դէմ «ահաբեկչական» գրոհը դատապարտող միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու ընդունած յայտարարութիւնները խոչընդոտելու Իրանի փորձերը»։ Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուականները։
«27 Յունուարին Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան դէմ կատարուած ահաբեկչական գրոհի միջազգային դատապարտման, ահաբեկչութեան կազմակերպիչներու եւ մեղաւորներու արագ բացայայտման եւ պատժման նպատակով համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հարթակներու ընդունման ներկայացուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պարունակեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագրէն բխող պարտաւորութիւններու կատարման կոչեր»,- նշուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը ընդգծած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութեան դէմ զինուած յարձակումը դատապարտած են 100 երկիրներ եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու քարտուղարութիւններ՝ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծելով այդ գործողութեան կատարման մեղաւորները պատժելու անհրաժեշտութիւնը։
«Իրանեան կողմը ձգտած է կանխել միջազգային մակարդակով ահաբեկչական գրոհի մերկացումը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց անդամ կը հանդիսանայ եւ որոնց որոշումները կը կայացուին համաձայնութեամբ։ Մասնաւորապէս, յարձակումէն անմիջապէս ետք իրանեան կողմը բողոքած է յայտարարութիւններու նախագծերու դէմ, որոնք ներկայացուցած է Ատրպէյճանը Չմիանալու շարժման համակարգող բիւրո եւ Ասիոյ մէջ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու խորհուրդ, եւ խոչընդոտած է նշուած փաստաթուղթերու ընդունման»,- նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Չմիանալու շարժման 120 երկիրներէն միայն Սուրիան եւ Հնդկաստանը աջակցած են Իրանի դիրքորոշման։ Այդ երեք երկիրներու հիմնական պնդումն այն է, որ ահաբեկչական գրոհները առանձին երկիրներու մէջ, իբր, աւելի վաղ չեն դատապարտուած Չմիանալու շարժման կողմէ, եւ որ երկկողմ հարցերը այդ երկիրներու միջեւ չեն հանուած միջազգային այնպիսի հարթակներ, ինչպիսին է Չմիանալու շարժումը։ Չնայած Շարժումը ընդունած է շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը դատապարտեն անդամ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գրոհները, անոնց մէջ նշուած է դիւանագիտական առաքելութիւններու պահպանութիւնը ուժեղացնելու անհրաժեշտութեան մասին։