Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մեծ թիւով զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա  մեծ թիւով զօրավարժութիւններ  պիտի կատարեն

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները հանդիպում ունեցած են Կարսի մէջ շարք մը երկիրներու հետ համատեղ  կայացող ձմեռային զօրավարժութեան ընթացքին։

Թրքական Milliyet-ի հաղորդմամբ,  թուրք գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը նշած է, թէ յաջողութեամբ իրականացուած է համատեղ զօրավարժութիւնը, որուն մասնակցած է Ատրպէյճանի 70 զինուոր եւ 23 զրահապատ մեքենայ։

Ան շեշտած է, թէ 2023 թուականին Թուրքիոյ հետ համատեղ 10-է աւել զօրավարժութիւն նախատեսուած է իրականացնել։