image

Ասթանա. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Համայն Ռուսաց Պատրիարքին հետ (Լուսանկարներ)

Ասթանա. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Համայն Ռուսաց Պատրիարքին հետ (Լուսանկարներ)

Ասթանայի մէջ ընթացող միջ-կրօնական միջազգային գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ռուսիոյ Քիրիլի Պատրիարքի հետ առանձին հանդիպում ունեցած է։ Երկու հոգեւոր պետերը կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծած են նաեւ մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման եւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Արցախի քաղաքական ու ազգային դէմքերու բանտարկութեան մասին: 

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ եղելութեան մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Ղազախիստանի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային գագաթնաժողովին պետութեան հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ բացման նիստին խօսքեր արտասանեցին Ռուսիոյ Քիրիլի Պատրիարքը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը:

Այս առիթով, անոնք առանձին հանդիպում ունեցան: Երկու հոգեւոր պետերը լայնօրէն քննարկեցին հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:

Կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան նաեւ հարցեր ու մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման, եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութեան վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Արցախի քաղաքական ու ազգային դէմքերու բանտարկութեան մասին: Յիշեալ հարցերուն գծով տեսակէտերու ու մօտեցումներու անկեղծ փոխանակում տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը մեծապէս երախտապարտ պիտի ըլլայ Արցախի կրօնական ու պատմական-մշակութային կառոյցներու պահպանման եւ հայ բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակման գծով, եթէ նախագահ Փութին եւ Քիրիլ Պատրիարք իրենց անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարեն Ազրպէյճանի իշխանութեանց մօտ։

Յայտնենք, որ Քիրիլ Պատրիարքին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ սերտ բարեկամութիւն գոյութիւն ունի՝ շուրջ յիսուն տարիներու վրայ տարածուած: Անոնք իրենց երիտասարդութեան օրերէն սկսեալ միշտ միասին մասնակցած են միջ-եկեղեցական ժողովներու եւ սերտօրէն գործակցած:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան: