Նախնական տուեալով` ծառայակիցի կողմէ արձակուած կրակոցէ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Սամուէլ Սանոյեանը Գեղարքունիքի մարզի Ծովագիւղ համայնքէն էր:
Դեռ մէկ տարին չէր լրացած, ինչ Սամուէլը կը ծառայէր բանակին մէջ: 2021-ի Յուլիսին զօրակոչուած էր բանակ, իսկ մինչ այդ ուսանա էր Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի միջին մասնագիտութեան կրթութեան քոլեճին մէջ` որպէս շինարար–ճարտարապետ:
«Խելօք, աշխատող ընտանիքից էր, շինարար մարդիկ են: Սամուէլը ընտանիքի երրորդ զաւակն էր. երկու քոյր, երկու եղբայր են», ըսաւ Ծովագիւղի բնակիչը: