image
Հրատապ լուրեր:

«Արուեստով փորձած եմ նիւթեղէն դարձած կեանքի դատարկութիւնը լեցնել».Վարուժան Մարտիրեան

«Արուեստով փորձած եմ նիւթեղէն դարձած կեանքի դատարկութիւնը լեցնել».Վարուժան Մարտիրեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ բնիկ  Մուսալեռցի,  եւ Այնճար ծնած  արուեստագէտ՝ Վարուժան Մարտիրեան 

- Երկար  տարիներու փորձ ունիք, հաստատուած  անուն էք  արուեստի  աշխարհին մէջ։ Կերտած էք   արժէքաւոր քանդակներ եւ մարմին տուած  ու լեզու  անխօս  փայտի կտրորներուն, անոնցմէ  սարքելով արուեստի  շունչով ապրող  կերտուածքներ։

Ինչպէս կը գնահատէք   արուեստի աշխարհին մէջ    ըլլալու, արուեստով ապրելու  ձեր կենսափորձը։ Գոհ է՞ք, բաւարարուած էք,  կամ թէ  այդ  զգացումները    անէական կը դառնան, երբ  կը մտնէք  արուեստի  գուլաներուն մէջ։

Առօրեայ կեանքի ընթացքին բանի մը պակասը կը զգաս, որ նիւթականութեամբ  չես կրնար բաւարարել, պէտք է լեցնես հոգեկան աշխարհդ, որպէսզի կեանքդ իմաստաւորուի եւ կարողանաս ունենալ ներքին հոգեկան հաճոյք եւ բաւարարութիւն: Կարելի է ապրումներդ ներկայացնել ստեղծագործելով որեւէ նիւթով, իմ պարագային այդ նիւթը փայտն էր, որ ժամանակին եղած էր ծառ եւ տուած իր պտուղը: Ես փորձած եմ իմ ներքին զգացումները արտայատել փայտին միջոցով, անոր տալով որոշակի ձեւ, կը ցանկաս ներքին զգացումներդ արտայատել քանդակելով, որպէսզի հոգիդ բաւարարուած զգայ:

Հակառակ անոր որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ժխտական էջեր թողեց  մեզմէ շատերուն կենսագրութեան մէջ  ու պայմանները բաւականին դժուար  ու բարդ էին, ես    կարողացայ    մուտք գործել  արուեստի  աշխարհ։Իմ  մեծ հայրս (հօր կողմէ) , ինչպէս նաեւ հայրս, իրենց կեանքը իմաստաւորելու համար, յատկապէս եղեռնիէն ետք եկած փուլին ժամանակ, իրենց մտքերը եւ ապրումները արտայայտած են փայտի վրայ աշխատելով, ստեղծելով օգտագործելի առարկաներ, սանտր, դգալ, պատառաքաղ,  եւ նարտի։ Հետեւաբար  իմ պարագայիս   հողի իմաստը եւ անոր արտայայտութիւնը  ձեւով մըն ալ եկած է, որպէս ժառանգութիւն։

- Այնճար    հայաւանին մասին ի՞նչ կը մտածէք։ Այն վայրը,  որ  վստահաբար  իր հետքը  թողած է  ձեր  ստեղծագործութիւններուն ու նաեւ ձեր  անհատի՝  արուեստագէտ՝  Վարուժան Մարտիրեանի     հոգեկերտման մէջ։

Այնճար հայաւանը, որ շարունակութիւնն է Մուսա Լերան ժողովուրդին, իր կեանքը փորձած է ապրիլ  պահպանելով իր նախկին Մուսա լերան սովորութիւնները: Ես համարեայ ամէն ամառ կ'երթայի իմ հօրս հարազատներուն մօտ, իրենք ինձ տեղեակ կը պահէին իրենց ապրած կեանքին մասին, թէ ինչպէս կը շարունակեն ապրիլ իրենց աւանդութիւններով եւ ինչպէս Մուսա Լերան սովորութիւնները տակաւին կը պահպանեն:

- Աշխարհը ամէն օր կը փոխուի, արժէքներ, ընկալումներ,  ձեւեր,   որակներ եւ որակումներ  թաւալապտոյտ ընթացքով  կը փոխեն իրենց  սլաքները։

Այդ  առումով  ինչ  կը խորհի՞ք, արուեստի   կարիքն ունի՞  մեր այսօրուան  աշխարհը։

Այսօրուայ աշխահը դժբախտաբար շատ աւելի նիւթական եղած է, բայց մարդ արարած կարիք ունի հոգեկան ապրումներու եւ գեղեցկութեան, հետեւաբար արուեստը խիստ անհաժեշտ է մարդկութեան, որպէս մարդ արարած ապրելու, գեղեցկութիւններու համաչափութիւնը զգալու  եւ այդպիսով իր կեանքը իմաստաւորելու:

- Որպէս հայ  արուեստագէտ  բնականաբար կը հետեւիք  վերջին տարիներու   զարգացումներուն։  Ու  դուք եւս  համաձայն  էք  մեր  հետ, որ հայութիւնը  կ՚ապրի   վերջին ժամանակներու, իր ամենաբարդ  ատենները։  Մտահոգ է՞ք, ի՞նչ կը խորհիք այդ մասին։

Ոչ միայն հայութիւնը այլ նաեւ համայն աշխարհը այսօր կ'ապրի նիւթապաշտութեամբ: Հայութեան մէկ մասն ալ մոռնալով իր հոգեկան հարստութիւնը, ստիպուած ըլլալով գոյատեւել, տուրք կու տայ նիւթապաշտութեան, բայց ոչ բոլոր հայերը,  անոնցմէ շատեր տակաւին ունին գեղեցիկի, համաչափի ստեղծագործութեան նկատմամբ մեծ սէր, համակրանք եւ նուիրում: 

- Կը շփուիք  յաճախ նոր սերունդի անդամներու եւ ներկայացուցիչներու հետ,  ինչպէս  կ՚ընկալէք    այսօրուան նորահաս  սերունդին մօտեցումները։ Եւ ի վերջոյ  ինչ  խօսքեր ունիք  ըսելիք   մեր մատղաշ  սերունդին։

 

  Կարեւորը  հոգեւոր արժէքները  պահելն ու պահպանելն է  ու այդ մասին ես յաճախ արտայայտուած եմ այն    տարիներուն, երբ  Համազգայինի հայագիտականի տնօրէնութեան կողմէ հրաւիրուած  էի  դասաւանդելու հայ արուեստի պատմութիւն։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ  շփումներ ունեցած եմ   մեր մատղաշ   սերունդներուն հետ։

 

 

 Հարցազրոյցը՝  Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանի