image

Արեգ Գրիգորեան Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի «Պատուոր պատանի քաղաքացի» հռչակուեցաւ

Արեգ Գրիգորեան Աւստրալիոյ Ռայտ  քաղաքի «Պատուոր  պատանի քաղաքացի» հռչակուեցաւ

Օրերս իմացանք, թէ արհեստագիտութեան ոլորտի մէջ հանրային քաղաքականութեան առաջատար մասնագէտ, Աւսրալաբնակ հայրենակից՝ Սասուն Գրիգորեանի որդին՝ Արեգը պարգեւատրուած է, որպէս Ռայտ քաղաքի 2024 տարուան արժանաւոր «պատանի քաղաքացի»։

 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Սասուն Գրիգորեանի «Լինքտին» էջէն, ուր ան արձանագրած է՝ 

Ընդհանրապէս անձնական բաներ չեմ տեղադրեր էջիս վրայ, սակայն այս մէկը բացառութիւն է։ Այս երեկոյեան տղաս՝ Արեգը պագեւատրուեցաւ որպէս Ռայտ քաղաքի 2024 տարուան արժանաւոր «պատանի քաղաքացի»։ Ան 8 տարեկանէն աշխոյժ քաղաքացի դարձաւ։ Ականատեսը ըլլալէ ետք իր կրտսեր եղբօր հեծանիւի արկածի վնասուածքին, ան գրեց եւ ոգեշնչեց խորհուրդին մեկնարկելու համար «Քալել, քշել, բաժնեկցիլ» քարոզարշաւը: Արեգը Ուէսթմիտի “The Children’s Hospital” հիւանդանոցի հիւանդ երեխաներուն համար կազմակերպեց եւ հանդէս եկաւ Սուրբ Ծննդեան կոչով։ Ինչպէս նաեւ, իբրեւ Աւստալիոյ “Gong Bike Ride” հեծելարշաւի մասնակից, ան կրցաւ երեք տարիներու ընթացքին $15,000 հաւաքել։ Արեգը որպէս կամաւոր հանդիսացած է տեղական, համայնքային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ նախկին “St. Johns” հիւանդանոցի անձնակազմին, “North Side Radio FM” ռատիօկայանին եւ համայնքային մարզական միջոցառումներու ընթացքին, իբրեւ առաջին օգնութեան աշխատակից։ Տասնվեց տարեկանէն սկսեալ, ան մասնակցութիւն բերած է “NSW State Emergency Service” շտապ օգնութեան ծառայութեան Ռայտ քաղաքի մասնաճիւղին։ Ան նաեւ մարզած եւ մաս կազմած է զանազան որոնողափրկարարական աշխատանքներու ու համայնքային այլ կազմակերպութիւններու։ Վարձքդ կատար։