image

Արցախի ՊԲ զինծառայողը ընտանեօք վթարի ենթարկուած է. մահացած է 2 տարեկան որդին

Արցախի ՊԲ զինծառայողը ընտանեօք վթարի ենթարկուած է. մահացած է 2 տարեկան որդին

Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղի բնակիչ, 26-ամեայ Մկրտիչ Ղահրամանեան այսօր՝ ժամը 18:30-ի մօտերը իր վարած ինքնաշարժով Երեւան-Երասխավան ճանապարհին՝ Փոքր Վետի գիւղի տարածքին, դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, զառնուելով ճամփեզրի կազատար խողովակի հենասիւնին եւ մի քանի անգամ տապլտկելով յայտնուած է դաշտին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com կայքը։ 

Վթարի հետեւանքով վարորդ Մ. Ղահրամանեանը, ուղեւոր 24-ամեայ Արմինէ Մնացականեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են Վետիի բժշկական կեդրոն, իսկ 2-ամեայ Արտաշես Ղահրամանեանը, որ յայտնաբերուած է մեքենայէն 25 մեթր հեռաւորութեան վրայ, մահացած է: 

Աղբիւրի տեղեկութիւներով՝ վարորդ Մ. Ղահրամանեանը կը ծառայէ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակին մէջ, մահացած երեխան անոր որդին էր, տուժած Ա. Մնացակաեանն ալ՝ կինը: 

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։