Վերջերս Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը հիւրընկալեց աւստրալահայ գիտնական, ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանը, որ իր գործունէութեան վերջին տարիները ամբողջութեամբ նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցին առնչուող շարք մը յօդուածներու ուսումնասիրութեամբ: Քեթիպեան այդ յօդուածները հաւաքած է ամերիկեան «Ուաշինկթըն Թայմզ», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Լոս Անճելըս Թայմզ», «Շիքակօ Թրիպիուն» հեղինակաւոր թերթերէն եւ հրատարակած է տասնեակէ աւելի հատորներով:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Սերգէյ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արա Քեթիպեանին եւ ընդգծած է անոր գիտական գործունէութեան խիստ պահանջուածութիւնը յատկապէս` ստեղծուած իրողութիւններուն մէջ, երբ Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի մէջ իրականացնել ցեղային զտումներու, ցեղասպան գործողութիւններու քաղաքականութիւն:
Լրատւութիւնը՝ «Ազդակ»էն