Օրերս, Պէյրութի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի, 25 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ:
Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Գրիգոր Շիշէճեան:
Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց նահատակին կենսագրականը` յիշելով, թէ ինչպէ՛ս ան պատանի տարիքէն իսկ ունէր դաշնակցական երկաթեայ կարգապահութիւն եւ կը շարունակէր ամէն օր աւելի դաշնակցականանալ: Շիշէճեան յայտնեց, որ Մհեր Ջուլհաճեան դարձաւ իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի իտէալը եւ ան ԼԵՄ-ի դաստիարակութեան եւ աշխատանքին ապացոյցը հանդիսացաւ Արցախեան գոյամարտին մէջ:
Իր խօսքին մէջ ԼԵՄ-ականը նշեց, «Նուիրեալ ընկեր Մհերը իր նահատակութեամբ մեզի սորվեցուց դաստիարակուելու եւ հետագային դաստիարակելու գերագոյն սկզբունքները: Իբրեւ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամներ, օրինակ ունենալով Մհեր Ջուլհաճեանի զոհաբերութիւնը, կ՛երդուենք ձգտիլ տիպար ԼԵՄ-ականներ ըլլալ»:
Ապա խօսք առաւ Սուրէն քահանայ Արսլանեան, որ` անդրադառնալով Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարին, հաստատեց, որ այսօրուան լիբանանահայ երիտասարդները, յատկապէս ԼԵՄ-ականները, առիթը ունին Մհերի եւ Մհերներու շունչով դաստիարակուելու եւ հետագային գաղութին ու հայրենիքին ծառայելու: Ան բարձր գնահատեց այդ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ կարեւոր է յիշել մեր նահատակները այսօր եւ ընդմիշտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ աղօթք: