image

Արցախցիք փակած են Դրմբոն գիւղի ճամբան (Տեսանիւթ)

Արցախցիք փակած են Դրմբոն գիւղի ճամբան (Տեսանիւթ)

 

Արցախի մէջ քաղաքացիները փակած են Դրմբոնի խաչմերուկը: Անոնք փորձած են այդ կերպ արգիլել ատրպէյճանցիներու տեղաշարժը ներկայիս Արցախի տարածքով: Այս մասին կը հաղորդէ yerkirmedia.am-ը։

 

Արշաւի մասնակիցներէն մէկուն խօսքով՝ իրենք կը պահանջեն, որ ապահովուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան բոլոր կէտերու կատարումը: Այսինքն, եթէ ատրպէյճանցիները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կրնան տեղաշարժիլ արցախցիներու վերահսկողութեան ներքոյ մնացած տարածքով, ապա իրենց համար ալ, օրինակ, Քարվաճառով ճանապարհ տրուի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Արցախցիները իրենց պահանջը ներկայացուցած են ռուս խաղաղապահներու ղեկավարին, նաեւ գրաւոր ձեւով այն փոխանցած: Անոնց խօսքով, եթէ այս խնդիրը չլուծուի, իրենք պիտի շարունակեն փակել ճանապարհները: