Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ առայժմ որոշում չկայ: Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ այս մասին ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեանի հարցին, թէ ինչպիսի դիրքորոշում ունի ԱԳՆ-ն Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ:
«Յոյսով եմ կը համաձայնէք, որ աշխարհում, թոյլ տուէք ասել, շատ սրընթաց կերպով են իրադարձութիւնները զարգանում եւ փոփոխւում` ամէն օր, ամէն վայրկեան: Եւ, ըստ էութեան, նախկինում նոյնիսկ կարճաժամկէտ թուացող իրադարձութիւնները այժմ բաւականին երկար են: Երբ որ ժամկէտները մօտենան, որոշում կը կայացնենք», ըսաւ Միրզոյեան: