image

Արամ Ա. Վեհափառ Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեանը

Արամ Ա. Վեհափառ  Պարգեւատրեց    Լիբանանահայ Մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեանը

Երէկ  երեկոյեան  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.  Վեհափառ   Հայրապետ, ներկայութեամբ, լիբանանահայ  գաղութի     մտաւորական   խաւին,    Տանն Կիլիկոյ «Մեսրոպ Մաշտոց»  մետալով պարգեւատրեց    պէյրութահայ     մտաւորական  Կարօ Յովհաննէսեանը:  Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ   Անթիլիասի  կաթողիկոսարանի   «Կիլիկիա»  թանգարանին  մէջ:  Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած  էր Համազգային հայ  մշակութային ընկերակցութեան Լիբանանի Շրջանային  վարչութեան կողմէ: Ձեռնարկին բացման  խօսքով հանդէս  եկաւ  Նորա  Թաշճեան, որ  վեր առնելով    պարգեւատրեալին   արժանիքները՝  իր խօսքին մէջ շեշտը  դրաւ   լիբանանահայ ընկերային կեանքի կազմաւորման ու զարգացման մէջ հաւաքականութեան առաջնորդներուն վարքն ու բարքը, ազգային տեսլականով տոգորուած ըլլալը եւ բարոյական արժէքներ կրելու հանգամանքը: Օրուան բանախօսն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ իր սրտի խօսքն ու վկայութիւնը փոխանցեց ներկաներուն` կեդրոնանալով Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին եւ խմբագիրին վաստակին եւ արժանաւորութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականի այն կերպարն է, որ ծառայութեան ամբողջ կեանք մը ու մտաւորական վաստակ մը կապած է իր անուան` համապատասխան յարգանք պարտադրելով հայ իրականութեան մէջ: Ն. Պէրպէրեան յայտնեց ներկաներուն, թէ Կ. Յովհաննէսեան կը պատկանի լիբանանահայ եւ սփիւռքածին այն սերունդին, որ կազմաւորուած է ու ազգային նկարագիր եւ գաղափարական ինքնութիւն արմատաւորած Մեծ եղեռնի յիսնամեակին` պահանջատիրական զարթօնքի յաղթ ալիքին մակընթացութեան հետ: Ան ըսաւ, թէ մտաւորական-խմբագիրի եւ ազգային կուսակցական գործիչի իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, Կ. Յովհաննէսեան առաջնորդուած է մէկ ու միակ դաւանանքով, որ կը բխի սեփական ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու կոչումէն: Ան  իր ամբողջ էութեամբ ապրած է ժողովուրդին լայն խաւերուն ազգային թէ ընկերային առօրեան, հայ ընտանիք կազմելու եւ պահելու հայ մարդոց ազգապահպանման պայքարին տարողութիւնն ու ծանրութիւնը:

Ն. Պէրպէրեան ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան յաջողած էր խօսակիցը ըլլալ երիտասարդներուն` իր գաղափարներն ու կեցուածքները հասցնելով անոնց, ապա նկատել տուաւ, թէ Կ. Յովհաննէսեանի մօտ տիրական եղած է ինքնազարգացման եւ վերանորոգման մղումը, ինչ որ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ լճացման չմատնուելու երաշխիք դարձաւ: Ն. Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեան արժանաւոր վկան է ո՛չ միայն աշխատանքի շնորհիւ ազնուացած մարդու հոգիին, այլեւ ազնուականի պատուանդանին յաղթահասակ կանգնած հայ մտաւորականին:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ, թէ 40 տարի Կարօ Յովհաննէսեան սփիւռքի հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ դարձաւ ու մնաց հաւատարմօրէն մնայուն ծառայական ներկայութիւն: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ 40 տարիներու վրայ տարածուած Կ. Յովհաննէսեանի կեանքի փորձառութեան ծառայութեան ընդմէջէն ճանչցած ըլլալով զայն կրնայ արդարօրէն վկայել, որ Կարօ Յովհաննէսեան արժանի է Լիբանանի, սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան յարգանքին:

Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ պատերազմի ամէնէն դաժան հանգրուաններուն Կ. Յովհաննէսեան լծուած էր Լիբանանի հայութեան վերականգնումի այնքան հրամայական առաքելութեան: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Կ. Յովհաննէսեան Մեսրոպ Մաշտոցի զէնքը ձեռին իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակած է, եւ մինչեւ այսօր իր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն են գրասեղանը, բեմը, գիրքը, մատիտը, հայ մշակոյթը եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի նուիրական օճախը` հայ դպրոցը: Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ մեծարանքը խորքին մէջ ո՛չ թէ անձին, այլ անոր տարած նուիրական աշխատանքին կը վերաբերի, որովհետեւ աշխատանքն է, որ մարդը կ՛արժեւորէ:

Ապա ընթերցուեցաւ հայրապետական կոնդակը, եւ վեհափառ հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով մեծարեց Կարօ Յովհաննէսեանը:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Կարօ Յովհաննէսեան: Ան ըսաւ, թէ հպարտ կը զգայ՝ արժանանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարգեւատրումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ անոր մաղթեց արեւշատութիւն ու ներուժ` գլուխ հանելու կաթողիկոսարանին ծրագիրները: Ան սփիւռքի մէջ գործող բոլոր սրտցաւ մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն կեանքը նմանցուց սիզիֆեան տառապանքին, ապա ըսաւ. «Ուսուցչական – մանկավարժական ասպարէզը սիզիֆեան տառապանք մըն է: Կը հաւատամ ուսման եւ անոր խաղալիք մեծ դերակատարութեան մարդկային եւ ազգային կեանքին մէջ: Առիթ ունեցած եմ աշխատելու ոչ հայկական տեղական դպրոցներու մէջ, սակայն իմ աշխարհս եղած է եւ է Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի բանաձեւած հիանալի ազգային փիլիսոփայութիւնը, ըստ որուն, «կը նախընտրեմ մեր հիւանդ ոչխարը, քան ուրիշին առողջ գայլը», որովհետեւ վերջինին առողջութիւնն է, որ կը հիւանդացնէ մեզ»:

Կ. Յովհաննէսեան, խօսելով նկարագիրի եւ համբաւի մասին, հաստատեց, որ համբաւը կրնայ սոսկ արձանագրուիլ գերեզմանի մը տապանաքարին, մինչ նկարագիրը կ՛երթայ գերեզմանէն անդին, անժամանակ եւ մնայուն է: Ան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութեամբ յայտնեց, թէ իր աշխատանքը կը պարտի իր կնոջ, որ իրեն հետ համահաւասար եւ լռութեամբ վեր բարձրացուցած է «սիզիֆեան քարը»: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ կաթողիկոսութեան, Դպրեվանքի տեսչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ելոյթ ունեցան եւ մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական յայտագիրին:

 Լուրի աղբիւրը  ՝ «Ազդակ» (Յապաւումներով)