image

Արամ Ա. Վեհափառ Մասնակցած է Պքէրքէի Ժողովին

Արամ  Ա.  Վեհափառ  Մասնակցած է Պքէրքէի Ժողովին

 Լիբանան-   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ  Հայրապետ   այսօր մասնակցած է Մարոնիներու   Պքէրքէի   պատրաիարքարանին մէչ  կայացած   միջ- քրիստոնէական արտակարգ նիստին: Վեհափառը  ժողովէն  ետք   հակիրճ խօսք մը ուղղելով կարեւորած է  երկրին նախագահ մը ընտրելու  անհրաժեշտութիւնը եւ  յոյս յայտնած, որ յատկապէս քրիստոնեայ  ուժերը կարեւոր  ճիգեր կը գործադրեն նախագահի ընտրութեան  յաջողութեան  համար: Նշենք, որ ժողովը կազմակերպուած էր Մարոնիներու  Մար Պշշարա Պութրոս  Ռահի Կարտինալին  կողմէ: Ժողովին իրենց մասնակցութւնը բերած են  Լիբանանի  քրիստոնեայ     գլխաւոր համայնքապետերը: Հայ   Կաթողիկէ   Գրիգոր- Պետրոս Ի. Պատրիարքը    Հռոմ գտնուելու  պատճառով բացակայած է սոյն   ժողովէն: Յիշեցնենք, որ այսօր Պքէրքէյի մէջ կայանալիք ժողովը պիտի ըլլար համակրօնական իսլամ- քրիստոնեայ   հոգեւոր առաջնորդներու ժողով մը, բայց վերջին   պահուն  ժողովը յետաձգուած էր:  Պքէրքէ  յարմար նկատած էր համակրօնական  ժողովը դարձնել համա- քրիստոնէական եւ ժողովականները կարեւորութեամբ    շեշտադրած էին   Լիբանանի  նախագահի ընտրութեան  կայացման   կարեւորութեան  անյետաձգելիութեան  վրայ: