«Պայքար»ի բացառիկ հարցազրոյցը, Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի, եւ Եւրոպայի «Հայկական համագումար»ի վարչութեանց անդամ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պէտիքեան:
Յարգարժան Տօքթ. Պէտիքեան, վերջին շրջանին Գերմանիոյ կողմէ, յատկապէս Հարաւային Կովկասի կտրուածքով, ոչ միայն Հայաստանի, նաեւ Վրաստանի ուղութեամբ որոշակի աշխուժութիւն մը կայ։ Մեզի հետաքրքրողը անշուշտ հայկական կտրուածքով երեւելի դրական նշաններն են։ Ինպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս աշխուժութիւնը։
Եւրոպական միութիւնը, Գերմանիան մասնաւորապէս, դէպի Կովկաս, դէպի Արեւելք ընդարձակուելու քաղաքականութիւն վարած է։ Ուքրանիոյ պատերազմէն յետոյ, անոնք շատ աւելի աշխուժացան։ Իմ կարծիքովս իրենց գլխաւոր նպատակը ռուսական ազդեցութիւնը սահմանափակելն է, Հայաստանը Ռուսաստանի ազդեցութեան ոլորտէն դուրս հանելը եւ որոշ չափով՝ Պարսկաստանի ազդեցութիւնը սահմանափակելն է։ Անցեալ ամիս, Հայաստանի վարչապետ՝ Պրն. Փաշինեանը երկու առիթներով Գերմանիա գտնուեցաւ։ Առաջինը, Միւնիխի մէջ ապահովութեան համագումարին, իսկ երկրորդն ալ անձնապէս Պրն. Շոլցին այցելեց եւ միասին մամլոյ ասուլիս մը տուին։ Գերմանիոյ վարչապետը հաստատելով, թէ ինքը, երկու երկիրներու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը պաշտպանէ, նաեւ յայտարարեց, թէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը պաշտպանէ, որ նոր տեսակէտ մըն էր Գերմանիոյ համար։ Այդ յայտարարութիւնը, յաջորդ օրը Գերմանիոյ Գանցլէրի պաշտօնական ելեկտրոնային էջէն հանուեցաւ։ Մէկ շաբաթ ետք, երբ Ալիեւ Գերմանիա գտնուեցաւ, բայց այս անգամ սարքուած մամլոյ ասուլիսին Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի մասին չխօսուեցաւ։ Միշտ կը խօսուի, որ երկու երկիրները իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգեն, սակայն Շոլցի կողմէ Արցախի ինքնորոշման մասին հնչած յայտարարութիւնը բոլորովին նորութիւն էր մեզի համար։
-Խորհրդաւոր տեղեկութիւն մը տուիք։ Համայնքը որեւէ կերպ հակազդե՞ց, թէ ինչու այդ յայտարարութիւնը հանուեցաւ։ Անշուշտ Գերման քաղաքական գործիչները այդքան միամիտ չեն, որ յայտարարութիւն մը ընեն, յետոյ մոռացութեան տրուի։ Ի՞նչ կը կատարուի իսկապէս։
Ինծի համար ալ հաճելի անակնկալ մըն էր եղածը։ Ես չէի սպասեր, որ Գերմանիոյ վարչապետը այսքան յստակ ձեւով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պիտի պաշտպանէ։ Երբ անոր ելեկտրոնային էջէն յայտարարութիւնը հանեցին, առաջինը գերմանահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Սերովբէ եպս.ը հակազդեց, թէ՛ նամակով եւ թէ ալ հաղորդագրութեամբ մը ընդվզումը յայտնելով։ Հայկական կազմակերպութիւնները նոյնպէս բողոքեցին եւ իրենց վրդովումը յայտնեցին։ Որոշ քննարկում մը եղաւ «մետիա»ներուն մէջ։
-Անկախ Արցախի կենսական հարցէն, կը նկատենք, որ Հայաստանի հանդէպ Գերմանիոյ հետաքրքրութիւնը կ՚աճի։ Մենք նաեւ գիտենք, որ շատ մեծ ներուժ ունեցող համայնք մը կայ Գերմանիոյ մէջ, տարածուած ըլլալով հանդերձ։Համայնքը ի՞նչ կրնայ ընել այս յարաբերութիւններու մերձեցման լոյսին տակ։ Խորքին մէջ ի՞նչ է ձեր ընելիքը։
Համայնքը շատ բան կրնայ ընել։ Որքան աւելի կազմակերպուի, որքան աւելի համախնբուի եւ յստակ ծրագիրներ մշակէ, այնքան աւելի կրնայ օգտակար ըլլալ ։ Եթէ նայիք այն ծրագիրներուն, զորս Գերմանիոյ պետութիւնը կը հովանաւորէ, ընդհանրապէս՝ կրթական, մշակութային, գիտական մակարդակի վրայ, կը տեսնենք, որ անոնց թիւը մեծ է։ Պատմականօրէն, Գերմանիան միշտ Թուրքիոյ ի նպաստ գործած է, եւ հետաքրքրական է, որ այս տագնապին մէջ, Գերմանիան աւելի չէզոք դիրք կ՚ուզէ բռնել եւ ոչ թէ՝ կողմ։ Անշուշտ հայկական համայնքը ունի իր կարողութիւն, բայց շատ աւելի բան կարելի է իրագործել, եթէ աւելի կազմակերպուած եւ նպատակասլաց աշխատինք։ Համայնքը կը փորձէ նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան հետ, Պրն. դեսպան Ենգիպարեանին հետ համագործակցիլ եւ տարբեր ծրագիրներ իրագործել։ Նաեւ նոր կազմակերպութիւններ սկսած են ստեղծուիլ, ինչպէս «Մանթաշեան» միութիւնը, որոնք կ՚օգնեն, որ հայեր, ինչպէս նաեւ գերմանացիներ Հայաստանի մէջ կարենան ներդրումներ իրագործել:
-Ձեր մատը վէրքին վրայ դրիք՝ հաւաքական կազմակերպութեան ակնարկեցիք, մանաւանդ, որ դուք «Եւրոպայի հայկական համագումար»ին ալ անդամ էք։ Սակայն կը նկատենք, որ հակառակ Եւրոպայի մէջ մեր ունեցած մեծ ներուժին, երբեմն սարը եւ ձորը իրարմէ լուր չունին։ Այսինքն՝ Լոնտոնի մէջ նախաձեռնութիւն մը կ՚ըլլայ, նոյն պահուն Պեռլինի մէջ, ուրիշ մը Լիոնի մէջ, սակայն համակարգող առանցք մը չկայ։ Ե՞րբ Եւրոպայի հայերը ի մի պիտի գան, ձեր կարծիքով։
Ես սկիզբէն մասնակցեցայ այդ բոլոր աշխատանքներուն, որոնք կը փորձէին Եւրոպայի հայութիւնը համախմբել։ Առաջին փորձը եղաւ «Եւրոպայի Հայերու Ֆորում»ի ստեղծումը, որ դժբախտաբար ձախողեցաւ։ Միշտ երեւոյթ մը կայ, որ հայերը կը խանդավառուին, ոտքի կ՚ելլեն, կը սկսին հաւաքուիլ, իսկ յետոյ, դժբախտաբար մեր «ներքին հիւանդութիւններ»ը՝ անձնական կռիւները, կուսակցական վէճերը «կը յաղթեն»։ Եւրոպահայութեան կարելիութիւնը ձեր նկատածէնհարիւր անգամ աւելի մեծ ներուժ ունի, թէ՛ մտաւորական, թէ՛ նիւթական, եւ թէ՛ գիտական միջոցներով։ Եւրոպահայութիւնը ծրագրուած ու գործունեայ ձեւով պէտք է մասնակցի եւրոպահայ կառոյցներու գործունէութեան, որպէսզի շատ աւելի օգտուինք։ «Հիւանդութիւն»ը շատ անուններ ունի, եւ միայն մէկ «հիւանդութիւն» չէ, այլ՝ շատ։ Պէտք է սորվինք հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի շահերը գերադասել կուսակցական, հատուածական եւ մեր անձնական շահերէն։ Եթէ ասիկա չսորվինք, ոչ մէկ տեղ պիտի յաջողինք։
-Ինչպէս դուք նշեցիք, մենք բոլորս գիտենք, որ Գերմանիան շատ խորքային յարաբերութիւն ունի Թուրքիոյ հետ։ Հայաստան- Թուրքիա գործընթացին վերաբերեալ, որուն առընթեր բոլորս ալ հարցումներ եւ մտավախութիւններ ունինք, կրնա՞յ Գերմանիան իբրեւ բարեխօսիլ կողմերը քով-քովի բերել։ Նշեմ որ թրքական կարեւոր սփիւռք մը կայ Գերմանիոյ մէջ եւ այս բոլորէն անդին, պետական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ կան, մէկ կողմէ Պեռլինի եւ միւս կողմէ՝ Անգարայի միջեւ։ Յոյս մը ունի՞ք այդ առումով։
Թուրքերուն՝ Գերմանիոյ մէջ ունեցած ուժը, հայերուն ուժին հետ կարելի չէ բաղդատել։ Գերմանիոյ մէջ երեք միլիոն թուրք կ՚ապրի։ Անոնք, խորհրդարանին մէջ քսան երեսփոխան ունին եւ մէկ հատ ալ նախարար։ Գերմանիան երբ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը անցուց, հոն կար նախադասութիւն մը, որ կ՚ըսէր, թէ Գերմանիան՝ իր պատմական փորձառութիւնը նկատի ունենալով, պիտի օգնէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւն մը ստեղծուի։ Գերմանիան ինքզինք իրաւարարի եւ հաշտեցնողի դերին մէջ կը սիրէ դնել, մանաւանդ որ ինք պատմական այդ փորձառութիւնը ունի եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք կրցաւ իր պատմութեան քննադատաբար նայիլ եւ անկէ սորվիլ։ Շատ լաւ կ՚ըլլայ, որ Գերմանիան իր փորձառութիւնը մեր թուրք դրացիներուն «սորվեցնէ»։ Ես կը կարծեմ, որ Գերմանիան այս հարցին մէջ մեծ դեր կրնայ խաղալ։
-Վերջին հարցս ՝ այսօր մենք բաւական բարդ իրավիճակի մէջ ենք։ Ունինք սահմանային բարդ իրավիճակ, Արցախի անորոշութիւն, նաեւ ներքին, ինչ որ անհանգստութիւններ։ Այս բոլորէն ինչպէ՞ս կրնանք դուրս գալ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, պատերազմի արհաւիրքները մեզի համար դաս չեղան։
Իմ կարծիքովս, հայութեան գլխաւոր, կազմակերպուած ուժը Հայաստանի պետութիւնն ու Հայ Առաքելական եկեղեցին է։ Այդ ուժերն են, որ պէտք է փորձեն ամէն ինչ ընել ազգը համախմբելու, փոխանակ հայ ազգը բեւեռացնելու եւ իրարու դէմ լարելու։ Այս օրհասական պահերուն, գլխաւոր աշխատանքը պէտք է տարուի ուժերը համախմբելու համար։ Պէտք է մոռնանք մեր ներքին կռիւները եւ փորձենք միասնաբար ուժ մը ստեղծել, որպէսզի կարենանք դիմակայել մեր գլխուն վրայ կուտակուած մութ ամպերը։ Ես ալ շատ մտահոգ եմ, ու վախեր ունիմ։ Մենք դուրսէն միշտ կը փորձենք օգնութիւն մը խնդրել, բայց ամէնէն կարեւորը մեր ազգին համախմբումն ու յստակ ծրագիրներ ունենալն է։ Հայաստանը երեսուն տարի ժամանակ ունէր, որպէս անկախ պետութիւն ոտքի կանգնելու եւ զօրանալու։ Անշուշտ մարդ միշտ դաշնակիցի պէտք ունի, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ ինք զօրաւոր ըլլայ։ Երբ զօրաւոր ես, շուրջդ միշտ բարեկամ կը գտնես։ Առաջին մեր հարցը պէտք է ըլլայ մեր «հիւանդութիւն»ները բուժելը, «տիակնոզ»ը դնելը եւ անշուշտ դաշնակիցներ փնտռելը։ Գիտեմ, որ Հայաստանը այսօր կը փորձէ իր պատմական դաշնակիցէն հեռանալ եւ նոր դաշնակիցներ գտնել, բայց ամէնէն կարեւորը իր ուժն է։ Այսքան տարուայ մէջ Հայաստանը որքանո՞վ կրցաւ իր պաշտպանութեան համակարգը զօրացնել, որքանո՞վ կրցաւ իր դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները լաւ հիմքի վրայ դնել։ Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները անշուշտ Հայաստանի պետութիւնը պիտի տայ։ Սփիւռքի մէջ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին եւ բոլոր կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր ստեղծուած ուժերը, պէտք է առաջատար դեր ստանձնեն եւ փորձեն ազգային ծրագիր մը ստեղծել, որուն հիմքը պիտի ըլլայ՝ հայակերտումը, նոր սերունդի դաստիարակութիւնը, ինքնութեան ամրապնդումը, Հայաստանի հզօրացումը եւ Հայ Դատի առաջնահերթութեանց ճշդումը։ Այս կէտերուն շուրջ, հայութիւնը, առաւելագոյն չափով պէտք է համախմբուի։ Ուրիշ լուծում չեմ գտներ։ Եղիշէ Չարենցի խօսքերը միայն կը կրկնեմ. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Սագօ Արեան