Թուրքիա- Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն իմացանք, որ Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ ՝ «Իսթանպուլի աչք» Արա Կիւլէր, իր թանգարանը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Մեր աղբիւրին համաձայն, այս տեղեկութիւնը անձամբ Կիւլէրին փոխանցած է Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան: Ըստ մեր աղբիւրին, Աւագեան, որ երէկ հանդիպում մը ունեցած է Կալաթասարայ շրջանին մէջ գտնուող եւ մեծ վարպետի սեփականութիւնը եղող ՝ «Արա Քաֆէ»ին մէջ, տեղեկութիւններ փոխանցած է Կիւլէրին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած հողաշերտին մասին, ուր մօտիկ ապագային Կիւլէրի տուն-թանգարանը պիտի կառուցուի: Յիշեցնենք, որ նախօրօք հաղորդած էինք, թէ մեծ արուեստագէտը հարիւրի հասնող լուսանկարներ նուիրած էր Հայաստանի ազգային պատկերասրահին: