image

«Ապրինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կամքին համաձայն». Արհի. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան

 «Ապրինք  մեր Տիրոջ  Յիսուս Քրիստոսի կամքին համաձայն». Արհի. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան

Օրերս  Հռոմի  Հայ Կաթողիկէ Սուրբ  Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ   «Անառակի կիրակի»ի հոգեպարար  օրուան  առթիւ պատարագած   եւ  յաւուր պատշաճի հոգեթով   քարոզ մը տուած է Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան։

 Գերապայծառը  իր քարոզին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.-

 

«Որպէս մարդ արարածներ մեր կեանքի հիմնական բնորոշումներէն են փոխ յարաբերութիւնները: Մարդ արարածը Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է յարաբերութեան մէջ մտնելու թէ՛ Աստուծոյ հետ զինք ստեղծողին  եւ թէ՛ իր նմաններուն՝ մարդոց հետ, որովհետեւ մարդուն էութիւնը հիմնուած է,  ինչպէս Աստուծոյ էութիւնն է՝ սիրոյ վրայ եւ սէրը կը պահանջէ յարաբերութիւն: 

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի այսօրուան առակը՝ Անառակ որդին, ամբողջ տեսլական մըն է մարդկային սիրոյ յարաբերութեան մասին: Սէրը պատասխանատուութիւն է, սէրը դիմացինը ընդունիլն է այնպէս ինչպէս որ է դիմացինը, սէրը պարտականութիւն է, սէրը միեւնոյն ատեն պահանջկոտ է, մանաւանդ Աստուածային սէրը, Յիսուս կ'ըսէ «Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է»: Եւ այս Անառակ որդիի առակին վրայ հիմնուելով Յիսուս Քրիստոս մեզի կ'ուզէ բացատրել, որ մենք ինչ տեսակի սիրոյ յարաբերութեան մէջ պէտք է ըլլանք մեր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ հետ: Չկարծենք, որ մեզմէ որեւէ մէկը կատարեալ կերպով կ'ապրի այդ սէրը, որովհետեւ երկրորդ պահանջ մըն է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ մեզմէ ամէն մէկէն, որ ըլլանք  կատարեալ ինչպէս որ մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է: Մեր քրիստոնէական կեանքը ճանապարհագնացութիւն մըն է, ուղեւորութիւն մըն է,  սիրոյ եւ փոխ յարաբերութեան ճանապարհագնացութիւն մըն է, որուն ընթացքին, որպէս մարդ արարածներ կրնանք շեղիլ, եւ այդ շեղումը տարբեր ձեւերով կրնայ ըլլալ ինչպէս որ Յիսուս ցոյց կու տայ այսօրուան առակին մէջ: 

 

Համերաշխ սէրը հաւատարմութեան վրայ կ'ապաւինի, հաւատարմութիւն մը, որ գիտէ տալ առանց պահանջելու, ճիշդ հակառակը այն բանին ինչ որ երկու զաւակները ըրին առակին մէջ: 

 

Ինչպէս ըսի բոլորս կրնանք շեղիլ, եւ անոր համար մեր նախահայրերը կը խօսին մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ չափահասութեան մասին, ինչպէս որ մարդ արարած չափահաս կը դառնայ ֆիզիքապէս, մարմնով եւ մտքով, մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ ալ մեզմէ իւրաքանչիւրը կամաց կամաց պէտք է չափահաս դառնայ իր սիրոյ մէջ Աստուծոյ նկատմամբ, եթէ չափահաս չենք կը դառնանք առակին կրտսեր եւ անդրանիկ որդիներուն օրինակներուն պէս, երկուքն ալ չափահաս չէին իրենց սիրոյ մէջ հօր նկատմամբ: 

 

Անառակ որդին չափահաս չէր, որովհետեւ շեղելով բուն սիրոյ յարաբերութեան գիծէն սկսաւ մտնել այլ սէրերու եւ յարաբերութիւններու մէջ: Նոյնը կ'ըլլայ մեզմէ ամէն մէկուն երբոր Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհքները կ'արհամարհենք, եւ կը մտածենք, որ մենք մեզի ամէն բան կրնանք ընել, եւ հետզետէ ծառայութենէ գերութեան կ'անցնինք, եւ անոր համար Յիսուս կ'ըսէ «մարդ ստրուկ կը դառնայ այն բանին, որուն կը ծառայէ»: Մեղքէ մեղք կը կորսնցնենք այդ գեղեցիկ շնորհքները, որոնք ստացած ենք Մկրտութեան եւ Դրոշմի ժամանակ: 

 

Սակայն Հայր Աստուած բնաւ իր ակնարկը մեզմէ չի հեռացներ, երբ որդին կ'ըսէ զիս ծառայ դարձուր մօտդ, իսկ  հայրը առանց լսելու կը պատուիրէ, որ լաւագոյն պատմուճանը տան իրեն, մատանին ու կօշիկները: Ամէնէն գեղեցիկ հագուստը, որ Աստուած մեզի կու տայ, որդեգրութեան հագուստն է, ինչպէս Ս. Պօղոս կ'ըսէ «դուք ողջ Աստուծոյ տաճարներն էք», այսինքն ապրող Աստուծոյ տաճարներն էք, ինչ որ կը նշանակէ, որ մաքուր ու հարազատ տեղ մը պէտք է ըլլայ, սիրոյ կեդրոն պէտք է ըլլայ, գերութեան եւ ծառայութեան սէր մը չէ, որովետեւ ազատութեան զաւակներ ենք: 

 

Իսկ անդրանիկ զաւակի սէրը եսակեդրոն էր, ազատութեան սէր չէր, ինքն իր վրայ հիմնուած էր: Ան հարազատ չէր, որովհետեւ եղբայր բառը չի գործածեր, այլ հօրը կ'ըսէ «երբոր եկաւ այդ քու զաւակդ»,  ան հարազատ չէր իր սիրոյ մէջ թէ՛ հօր հետ եւ թէ՛ իր եղբօր հետ: Հայրը այդ ժխտականին դրական կերպով կը պատասխանէ «ինչ որ ունիմ քուկդ է»: Աստուած ալ նոյն բանը կ'ըսէ մեզի, երբոր Յիսուս մեզի կը խոստանայ երկնքի արքայութիւն պարգեւել: Երկնքի արքայութիւնը ուրիշ բան չէ քան Աստուծոյ ներկայութիւնը, կը նշանակէ երկնքի Արքայութեան մէջ Աստուած ինքզինքը բոլորանուէր մեզի պիտի տայ, ինչ որ ըրաւ Յիսուս աշխարհի վրայ, ինքզինքը տուաւ մեզի համար: Այս է իսկական սէրը, այս առակը հիմնուած է սիրոյ ճշմարիտ փոխ յարաբերութեան վրայ: 

 

Առակը եզրակացութիւն չունի, կարծես Յիսուս ամէն մէկուն կը թողու, որ ինք վերջացնէ այս առակին պատմութիւնը: Այս առակը փոխաբերաբար ամէն մէկուն կեանքն է, մեր պաասխանը Յիսուսի սիրոյն, Աստուծոյ սիրոյն պիտի ըլլայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, պիտի ապրինք անառակ որդիին պէս թէ՞ ապրինք իր եղբօր անդրանիկ որդիին պէս, կամ թէ հարազատ սիրով ինքզինքնիս բոլոլանուէր թողունք Աստուածային նախախնամութեան ձեռքերուն մէջ, որ մեզմէ աւելի լաւ գիտէ, թէ ինչի պէտք ունինք:

 

Այս քառասնորդաց շրջանը առիթ մը թող ըլլայ մեզի, որպէսզի աւելի խոր կերպով մտածենք, թէ ուր կը գտնուինք այս սիրոյ հարազատ փոխ յարաբերութեան մէջ Աստուծոյ հետ, մեր շուրջիններուն հետ, խնդրենք խոնարհաբար Աստուծմէ, որ իր շնորհները աւելցնէ ամէն մէկու սրտին, հոգիին եւ մտքին մէջ, որպէսզի ինչպէս Յիսուս կ'ըսէ, իր իսկական աշակերտները կը դառնանք, երբոր կ'ապրինք իր կամքին համաձայն:»   

 

Նիւթը  պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը