image

Ապաքինման մաղթանք՝ Կարօ Մարկոսեանին

  Ապաքինման մաղթանք՝ Կարօ Մարկոսեանին

Պէյրութի «Արեւելք» աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ մեր հայրենակից՝ Կարօ Մարկոսեան օրերս առողջական խնդիրներ ունենալով փոխադրուած է հիւանդանոց։

 Սրտային խնդիրներով բժիշկներու խնամքին տակ գտնուող Կարօ Մարկոսեան պիտի անցնէ ապաքինման եւ զննումներու փուլ մը, որմէ ետք կորոշուի վերջինիս հիւանդանոցէն դուրս գալը։

 Ամբողջական առողջութիւն կը մաղթենք սիրելի Կարոյին, յուսալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ դէպի բնանակոն կեանք եւ աշխոյժ գործունէութիւն։

 Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք,որ Կարոն կը զբաղի զբօսաշրջային-ճամբորդական ծրագիրներ իրականացնող ընկերութիւն մը ղեկավարելով։