image

Ապագան այսօր. AMAA-ն եւ M4FF-ը՝ ի նպաստ պատանի սերունդի երաժշտական կրթութեան

 Ապագան այսօր. AMAA-ն եւ M4FF-ը՝ ի նպաստ պատանի սերունդի երաժշտական կրթութեան

Օրերս,  «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» մշակութային հիմնադրամին (M4FF) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA- ԱՀԱԸ) Հայաստանի մասնաճիւղի միջեւ ստորագրուած է պայմանագիր տաղանդաշատ մանուկներէն մէկուն մասնագիտական աճին ու զարգացման ուղղութեամբ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մարմնի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Հայաստանի մասնաճիւղը եւ «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» մշակութային հիմնադրամը (M4FF) ստորագրեցին պայմանագիր, որու ծիրէն ներս Հիմնադրամի կրթական ծրագրին կատարած ներդրումը պիտի  ուղղուի տաղանդաշատ երեխաներէն մէկուն մասնագիտական աճին եւ զարգացման:

Ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ Հիմնադրամը կը շարունակէ իրագործել իր կրթական ծրագիրը, որու ծիրէն ներս հայ պատանի երաժիշտներու համար կ'ապահովուին վարպետութեան դասեր, բեմական փորձ, համերգային եւ թանգարանային այցեր, օտար լեզուի դասընթացներ եւ կրթաթոշակ:

AMAA-ն, ըլլալով բարեգործական կազմակերպութիւն, միշտ կարեւորած է մշակոյթի դերը եւ իր աւելի քան 100-ամեայ գործունէութեան ընթացքին մեծ տեղ յատկացուցած է մշակութային ծրագիրներուն, որոնք նաեւ կը նպաստեն Ընկերակցութեան գլխաւոր առաքելութեան՝ օգնել հայ ժողովուրդին պահպանելու հաւատը, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը:

Ստեղծուած 2019 թուականին, «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» մշակութային հիմնադրամի նպատակը եղած է եւ կը մնայ բացայայտել Հայաստանի տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտները եւ օգնել անոնց հասնելու իրենց մեծ երազանքներուն: Ներդրումները յանուն երաժշտութեան եւ յանուն ապագայի առանցքային դեր ունին հայ շնորհալի երեխաներու ապագայի ձեւաւորման գործին մէջ՝ հնարաւորութիւն տալով հզօրացնելու արուեստագէտներու յաջորդ սերունդը, հարստացնելու Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնն ու աշխարհին ներկայացնելու հայկական մշակոյթն ու հայ կատարողական արուեստը: